
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Պետական Տումային մէջ միայն մէկ հայ կայ՝ Յովհաննէս Արմենակի Օհանեանը, որ խորհրդարանի անդամ դարձած է Արդար Ռուսիա կուսակցութեան ցուցակով:
Յովհաննէս Օհանեան ծնած է Երեւան, 1961ին: 1978ին ընդունուած է Պաւմանի անուան Մոսկուայի պետական թեխնիքական համալսարանը, զոր աւարտած է 1984ին: 13 տարի աշխատած է Մոսկուայի «Սապփիր» գործարանին մէջ՝ հասնելով մինչեւ գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին: 1998էն սկսեալ ղեկավարած է «Սոյուզ» արուեստագիտական համալիրը: Օհանեան արուեստագիտութեան ճիւղի դոկտոր է եւ աւելի քան 40 գիտական աշխատութիւններու հեղինակ: