
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ոստիկանութեան Դեկտեմբեր 14ին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, «Լետի Յակոբ» ծածկանունով յայտնի Յակոբ Յակոբեանի եղբօրորդիին՝ Ստեփան Յակոբեանի, ձերբակալութիւնը կապուած է 2006 թուականին կատարուած աղմկայարոյց սպանութեան դէպքին հետ:
Արդարեւ, ոստիկանութեան աշխատակիցները Դեկտեմբեր 14ին ձերբակալած են 2006էն ի վեր հետախուզման ենթարկուած Ստեփան Յակոբեանը, որ, ըստ առկայ կասկածներու, 22 Յունիս 2006ին, Երեւանի փողոցներէն մէկուն մէջ սպաննած է Սեդրակ Զատիկեանը եւ Կարինէ Սարգսեանը: