ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքահայ ուսանողները Երեւանի պետական համազգային թատրոնին մէջ, Դեկտեմբեր 14ին ներկայացուցին «Հայաստան եւ Հայք» բեմադրութիւնը: Հայաստանի մէջ Սփիւռքի ուսանողական խորհուրդի մշակոյթի բաժինի նախագահ Սոնա Տօնականեան նշեց, թէ բեմադրութիւնը նուիրուած է հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներ Գարեգին Նժդեհի, Մոնթէ Մելքոնեանի, æիւանի եւ Պետրոս Դուրեանի յոբելեաններուն: «Բեմադրութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքահայ ընտանիք մը, որուն մէջ հայրենասիրութիւն կը տիրէ: Չորս հայ մեծերուն մասին անդրադարձ կայ առանձինն. պարուհիները կը պարեն æիւանի երգերուն համաձայն, պապիկը թոռնիկին եւ տղուն համար Դուրեանի բանաստեղծութիւնները կը կարդայ, իսկ դերասանները հանդիսատեսին կը փոխանցեն Նժդեհի ու Մելքոնեանի փիլիսոփայական միտքերը», ընդգծեց Տօնականեան։
Ան նշեց նաեւ, որ բեմադրութեան կ՛ուղեկցին հայկական-ժողովրդական երեք երգեր, որոնք կը ներկայացուին նոր գործիքաւորումով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մշակութային, սփորթի եւ երիտասարդական ծրագիրներու բաժինի պետ Կրեթա Մնացականեանի խօսքով, մեծանուն հայերու փառաբանումն ու անոնց դասերու փոխանցումը սերունդներուն՝ ռազմավարական խնդիր է: Ըստ անոր, այս տարի Երեւանի մարզերուն եւ Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ պիտի կազմակերպուին այս մեծանուն հայերուն նուիրուած ձեռնարկներ: