ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Խօսքը կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր տեղի կ՛ունենան այս երկու անհաւասարակշիռ երկիրներու միջեւ՝ մեր հայրենիքին եւ մեր թշնամիին միջեւ, յարաբերութիւնները բնականոն վիճակի հասցնելու համար:
Թուրքիա մեծ երկիր մըն է, հսկայ բանակի տէր, որուն քիթը մտած է Սուրիոյ մէջ նմանապէս Իրաքի, Լիպիոյ եւ այլուր. անիկա 85 միլիոն բնակչութեամբ ու ընդարձակ՝ 783,603 քառակուսի քիլոմեթր հողամասով երկիր մըն է եւ հսկայ տնտեսութեան տէր, թէեւ կաղ, սակայն իր գոռոզ նախագահով իր տեղը ապահոված է ՆԱԹՕի երկիրներուն եւ տարածաշրջանին մէջ:
Իսկ Հայաստանը՝ հազիւ 3 միլիոն բնակչութեամբ եւ 29,743 քառակուսի քիլոմեթր հողատարածքով, որ օրը օրին կը պակսի Ատրպէյճանի անսահման պահանջներով, իր եկամուտի սահմանափակ աղբիւրներով եւ տկար դիրքով, կը տառապի իր վայրագ թուրք դրացիներէն. Հայաստանը ուժեղ դաշնակիցներու կարիք ունի գազանին դէմ կանգնելու համար, սակայն ո՞վ պատրաստ է քաղաքական այդ դերը կատարելու, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ շահ ակնկալելով:
Ահաւասիկ անհաւասարակշիռ բանակցութիւններ, որոնք կը ստիպեն տկար կողմը՝ Հայաստանը, շարունակ զիջումներ ընել, իսկ Թուրքիան աւելին կը պահանջէ մինչեւ որ հասանք մեր սահմանած ԿԱՐՄԻՐ գիծին՝ Ցեղասպանութեան, որ անկարելի է զիջիլ:
Խօսքը 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին է (1915-1923), որ պատճառ դարձաւ մէկ ու կէս միլիոն հայերու ոչնչացման Օսմանեան կայսրութենէն ներս:
Մեծ թիւով երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտած են Թուրքիան․ անոնց շարքին են մեծ պետութիւններ ինչպէս Միացեալ նահանգներ, Ռուսաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Գանատա, Արժանթին, Հոլանտա, Զուիցերիա եւ տասնեակ այլ երկիրներ: Նոյնիսկ Թուրքիան՝ Էրտողանի լեզուով, ընդունած է հարիւր հազարներով հայերու ոչնչացումը այդ շրջանին, սակայն թուրքերը եղածը վերագրած են պատերազմին, սովին եւ համաճարակներուն:
Մենք հայերս երբեք փաստերու կարիք չունինք, որովհետեւ 1.5 միլիոն փաստ ունինք, զոհ ունինք:
Երբ ներկայիս աջէն ձախէն ձայներ կը բարձրանան եւ կը պնդեն, թէ Ցեղասպանութիւնը անցեալին կը պատկանի, կամ կը մեղմացնեն անոր ազդեցութիւնը եւ անտարբեր կը մնան եղածին հանդէպ, ինչպիսի՞ հոգեկան խանգարումի մէջ պէտք է ըլլան այդպիսի մարդիկ:
Մենք այդ մէկը մեր մորթին վրայ զգացած ենք, ամէն մէկ մամիկ ու պապիկ իր պատմութիւնը ունի, ինչ խիղճով պիտի կարողանայ որեւէ անհատ այդ ողբերգութիւնները ուրանալ եւ անտեսել, նոյնիսկ քաղաքական շահերու համար: Եւ որո՞ւն սիրոյն համար, որո՞ւն շահին համար, թուրքերո՞ւն, մեր դարաւոր թշնամիի՞ն համար:
Թուրքը թուրք է, չէ փոխուած եւ կարելի չէ որ փոխուի: Եթէ քաղաքականութիւնը եւ հարեւան երկիրներ ըլլալը մեզմէ կը պահանջեն, եւ աւելի ճիշդը կը ստիպեն, որ այդ թշնամի հարեւանին մօտենալ եւ անոր հետ գործակցիլ, պէտք է լաւ մտածել եւ պատրաստուիլ անոր դէմ եւ զգուշութեամբ գործակցիլ անոր հետ:
Թուրքերը մեծամասնութեամբ ցեղապաշտ մարդիկ են։ Որոշ հոգեբաններ ցեղապաշտութիւնը (racism) հոգեկան հիւանդութիւն կը համարեն, որ մտաբուժութիւն, ջղատապաբուժութիւն (psychotherapy) կը պահանջէ:
Թուրքերու մեծ հայրերը, որոնք քայի տոհմէն են (Kayi tribe), եւ թիւրքմենական օղուզ ցեղերէն մէկն են (Oghuz Turks), ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան արմատները իրենց հետ բերած են երբ գաղթած են դէպի արեւմուտք, դէպի Անատոլիա 1123ին․ այդ գաղափարները անոնց մտքերուն մէջն էր եւ հոգիներու հետ շաղուած:
Սակայն այդ գաղափարները սաստկացան եւ խրուեցան Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջաններուն, երբ 1860ականներուն որոշ օսմանցի թուրք մտաւորականներ, օրինակ՝ Ալի Սուավի, յայտարարեցին, որ թուրքերը քաղաքական, ռազմական եւ մշակութային առումներով կը գերազանցեն միւս ցեղերուն:
Ալի Սուավի (1839-1878) օսմանեան թուրք քաղաքական գործիչ, լրագրող, մանկավարժ, եւ մոլեռանդ թուրք կրօնասէր էր: Ան օսմանեան ժամանակաշրջանի համաթրքութեան (PanTurkism) առաջին ջատագով էր։
Միւսը, Զիա Կոքալփն (1876-1924) էր, որ թուրք ազգայնականութեան առաջին ծայրայեղականներէն, թրքական ազգայնական տեսաբան եւ օսմանեան ընկերաբան (sociologist) էր։ Ան եղած է գրող, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ: Ան նաեւ յայտնի էր որպէս «Թուրքական ազգայնականութեան հայր» եւ ընդուած էր համաթրքութեան գաղափարը: 1919ին ան յօդուածով մը յայտարարած է, թէ թուրքերը արտասովոր մարդիկ են եւ կոչ ըրած է թրքացնել Օսմանեան կայսրութիւնը՝ թրքերէն լեզուն եւ մշակոյթը պարտադրելով Օսմանեան կայսրութեան բոլոր քաղաքացիներուն։ Ան կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառ դարձած գաղափարական ուժի բանալին, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայ ազգը եւ այդ պատճառով 1919ին ձերբակալուած է անգլիացիներուն կողմէ եւ դատապարտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մեղադրանքով ու աքսորուած Մալթա կղզի: Վերադարձած է Պոլիս, իսկ 1923ին Աթաթիւրքին կողմէ նշանակուած է Ազգային մեծ խորհուրդի ներկայացուցիչ Տիգրանակերտէն։ Մահացած է 1924ին, Պոլսոյ մէջ։
Թալէաթը, Էնվերը եւ Ճամալը յագեցած են անոր գաղափարներով, իսկ Աթաթիւրքը ընդունած է անոր ծայրայեղ գաղափարները, խորացած է անոնց մէջ, զարգացուցած եւ ներդրած է 1923ի Հոկտեմբերի 29ին հռչակած ժամանակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ: Ըստ Աթաթիւրքին՝ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններ չկան․ բոլորը թուրք են։ Քիւրտերուն լեռնային թուրքեր համարած է, իսկ հայերը ու յոյները՝ քրիստոնեայ թուրքեր։ Ասոնցմէ պակաս չեն գործող նախագահը եւ կառավարութեան անդամները, որոնց հետ բանակցութիւններ կ՛ընթանան։ Թուրքիոյ մէջ սերունդէ սերունդ կը կրեն ազգայնական ծայրայեղ գաղափարները, շատ քիչ բացառութեամբ.
Այդպէսով, Թուրքիա իր հասարակութեան մէջ եւ պատմութեան ընթացքին ունեցած է այլամերժութիւն եւ խտրականութիւն, ներառեալ՝ ցեղային եւ կրօնական, ինչպէս նաեւ օրինական ցեղապաշտութիւն՝ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, մասնաւորապէս՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, արաբներու եւ հրեաներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ քիւրտերու եւ շրջագայող խմբերու։
Ըստ «Զաման» օրաթերթի յայտնի յօդուածագիր Եավուզ Պայտարի, 2009ի յօդուածին, Թուրքիոյ մէջ կ՛աճին ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան խօսքերը, յատկապէս հայերու եւ հրեաներու դէմ:
Հրանդ Տինք հիմնադրամի 2014ի մէկ այս հրատարակութեան համաձայն, թրքական լրատուական միջոցներու մէջ թիրախային խումբերու նկատմամբ ատելութեան խօսքի դէպքերուն մեծամասնութիւնը հայերուն կը վերաբերի:
Վերջերս, Պոլսոյ Սահակ Բ. պատրիարքը բաւական խստաոճ յայտարարութեամբ հանդէս եկած եւ պախարակած է Պոլու շրջանի քաղաքապետ Թանճու Էօզճանը, որ գրառում մը կատարած է Ապրիլ 5ին եւ վիրաւորանքներ արձակած էր հայութեան հասցէին։ Ի միջի այլոց ան ըսած է. «Վերջերս հասարակութեան ուշադրութեան արժանացած՝ Պոլուի քաղաքապետ Թանճու Էօզճանին կողմէ հայկական ինքնութիւնը թիրախաւորող ատելութեան խօսքերը, մեր հասարակաց անցեալն ու միասին ապրելու կամքը կը թիրախաւորեն: Այսպիսի խօսքերը ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր եղբայրութեան, միութեան եւ ընկերային խաղաղութեան ծառայած են։ Այս առիթով իշխանութիւնները եւ հանրութիւնը կը հրաւիրենք աւելի պատասխանատու լեզուով մը խօսելու…»։
Եւ տակաւին ատելութիւնը կը շարունակուի հայերու դէմ:
Վերոյիշեալը էջ մըն է, որ ցոյց կու տայ թուրքերու ատելութիւն սփռող հոգեբանութիւնը հայերու դէմ, պարզապէս համեստ ուսումնասիրութիւն մը մեր միտքերը թարմացնելու համար, երբ անոնց հետ կը բանակցինք։
Լոս Անճելըս
23 Ապրիլ 2025