
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան, Դեկտեմբեր 14ին ամփոփելով քաղաքական տարին՝ նշեց, թէ 2011ին արտաքին քաղաքականութեան մէջ Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մէջ թէեւ Հայաստան նահանջ չէ ունեցած, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չկան մտահոգիչ հարցեր, քանի որ տակաւին կայ ազատագրուած տարածքներու խնդիրը:
Անդրադառնալով հայ-թրքական արձանագրութիւններուն՝ Առաքելեան նշեց, որ թէեւ անոնք սառեցուած վիճակի մէջ են, բայց եթէ շարունակութիւն ունենան, ապա այդ մէկը նպաստաւոր պիտի չըլլայ Հայաստանի համար: Ըստ ՀՅԴ պատգամաւորին, Հայաստանի համար լաւագոյն ձեռքբերումը պիտի ըլլայ մեր ստորագրութիւնը արձանգրութիւններէն վերցնելը:
Անդրադառնալով ներքին քաղաքական կեանքին մէջ 2011ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ Դաշնակցական պատգամաւորը յիշեց ճանապարհի կիսուն կանգ առած իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութիւնը, որմէ ակնկալիքները մեծ էին, բայց անոնք չիրականացան: «Ներքին քաղաքականութեան համաթեքսթում, ես շատ պէտք է կարեւորեմ Դաշնակցութեան «Քուէն ուժ է» հասարակական շարժումը, որի նպատակը հէնց արդար ընտրութիւնների անցկացումն է: Բայց, եթէ մարդը դեռ սոցիալական խնդիր ունի, իր երեխայի ճակատագիրը դեռ անորոշ է, դեռ օտար երկրներում է իր բախտն ու ճակատագիրը փնտռում, ապա մենք չենք կարող ակնկալել, որ կ՛ունենանք արդար ընտրութիւններ», եզրափակեց Ռուզան Առաքելեան: