SELECTED FINDINGS, INC.
625 South Hill St. Suite # 239
Los Angeles, CA 90014
Work (213) 612-5014
jerryt@salectedfindins.com
Սեփականատէր՝
Ժիրայր Թորոսեան
————————-
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
————————
1.-Կենսագրութիւն.
Ժիրայր Թորոսեան ծնած է Պէյրութ-Լիբանան:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Էշրէֆիէի Բարձրագոյն վարժարանը:
1978ին իր ծնողքին հետ գաղթած է Միջին Արեւելքէն ու հաստատուած Միացեալ Նահանգներ՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ հայաշատ քաղաքը:

Հոս Ժիրայր, իր երկրորդական, բարձրագոյն ու համալսարանական ուսումը շարունակած է, նախ յաճախելով «Կլենտէյլ Հայ Սքուլ», ապա «Կլէնտէյլ» քոլեճ», որմէ ետք՝ «Նորթրիճ» համալսարանը, ուրկէ BA ստացած է Business Marketing ճիւղին մէջ:
Փոքր տարիքէն արդէն հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ եւ նոյն արհեստով պարապած է:
Համալասրանական ուսումէն ետք մտած է կեանքի ասպարէզ՝ ոսկերչական աշխարհէն ներս, ուր շնորհիւ իր հմտութեան եւ ունեցած ձիրքին՝ զայն հասցուցած է արուեստի մակարդակի:
Ըլլալով աշխատասէր եւ մտածող, ստեղծագործ եւ հետեւողական, Ժիրայր Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի ոսկերիչներու հսկայ այդ շուկային մէջ, շուտով բացած է իր սեփական արհեստանոց-վաճառատունը, զոր, պարզ ոսկերչատան մը իրավիճակէն դուրս բերելով, վերածած է Design-ի կեդրոնի մը, գծելով եւ ապա պատրաստելով զանազան նորաձեւ ոսկեղէններ, որոնք արդէն որոշ համբաւ եւ անուն ունին Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Լիբանանի եւ նոյնիսկ Չինաստանի ոսկերչական աշխարհէն ներս:
Շնորհիւ իր ինքնազարգացումին, յարատեւ աշխատանքին եւ մանաւանդ իր ասպարէզէն ներս ունեցած դիրքին եւ տաղանդին, օրին շահած է հայ եւ յատկապէս օտարազգի վաճառականներու համակրանքն ու յարգանքը, մանաւանդ՝ վստահութիւնը, որոնք զինք հասցուցած են ներկայ իր նախանձելի դիրքին:
Իր աշխատանքը եղած է ստեղծագործական: Գեղեցիկը տեսնել, դիտել եւ այս ձեւով աչքը զարգացնել:
Իր այս մասնագիտութեան մէջ իր մօտ արմատացած արդարամտութիւնը, բծախնդրութիւնն ու խղճամտութիւնը բացայայտուած են:
Ինք ջերմ հաւատացողներէն է, թէ արուեստը մարդկային բարձր արտայայտութիւնն է որ կու գայ զգացումէն, գիտելիքներէն, ճաշակէն եւ փորձառութենէն:
Ժիրայր Թորոսեան համոզուած է, թէ մարդու գիտակցութեան մէջ ժամանակը իր աշխատանքն է, ներկան է, այսօրն է:
2.- Ո՞վ է Ժիրայր Թորոսեան:
Մեր գաղութէն ներս Ժիրայր Թորոսեան ճանչցողները կրնան հաստատել, թէ ան ունի բնատուր ստեղծագործ միտք եւ ոգի, որոնց շնորհիւ կը պատրաստէ իր գծագրութիւնները, մէկ խօսքով՝ նորաձեւ ոսկեղէնները:
Իրենց կարգին, երկար տարիներու իր բոլոր յաճախորդներն ալ կը հաստատեն իր նկարագիրի ցայտուն ազնուութիւնն ու բարութիւնը, որոնք շաղուած են հայրենասիրութեամբ եւ համամարդկային ու համազգային վեհ գաղափարներով։
Բնազդով իրեն մէջ գոյութիւն ունեցող ծառայասիրութեան ոգին արդէն իսկ կ՛ապացուցանէ իր նկարագրի այս գլխաւոր կէտերը:
Իր կեանքի ընթացքին համեստութիւնը եղած է իր ամէնօրեայ ուղեցոյցը:
Այս բոլորը անշուշտ յայտարար նշան են, թէ Ժիրայրի մօտ շեշտուած է Աստուծոյ եւ մարդկութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնը:
Անոր համար ինք իր արհեստ-արուեստին կողքին, բաւական ժամանակ կը տրամադրէ Աստուծոյ կամ Տիրոջ խօսքը տարածելու եւ քարոզելու:
Մէկ խօսքով՝ տարիներէ ի վեր ճանչուած ու սիրուած քարոզիչ մըն է Փասատինայի Nazarian եկեղեցւոյ մէջ:
Փաստօրէն ան նուիրուած է Եկեղեցւոյ ծառայութեան: Հաւատքի մարդ է Ժիրայր Թորոսեանը: Նուիրեալ ու նոյնքան ալ անձնազոհ: Իրեն համար մարդու հոգեւոր հարստութիւնը էական է, ամէն բանէ առաջ: Պէտք է արմատաւոր պահել հաւատքը, որպէսզի մարդ հեռու մնայ ամէն տեսակի չար ունակութիւններէ:
«Հայերս,- կը պարզաբանէ ինք,- ըլլալով աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը, մեծ դեր ունինք եւ պէտք է որ ունենանք աշխարհի մարդոց հոգեւոր կեանքին մէջ: Պէտք է միշտ Տիրոջը շնորհքը ցոյց տանք, զայն փառաբանենք ու երախտապարտ ապրինք»:
Թորոսեան այս հիման վրայ է, որ իր կեանքին նպատակը դարձուցած է օգնել աղքատին, նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել հիւանդին, պաշտպան կանգնիլ տկարին ու անկարին:
Անկախ այս բոլորէն, փոքր տարիքէն իսկ ան անդամակցած է ՀՄԸՄին եւ ապա եղած է հաւատաւոր կուսակցական: Տարիներու վրայ երկարող միութենական իր աշխատանքը զինք հասցուցած է Լոս Անճելըսի եւ Փասատինայի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն ներս սկաուտ խմբապետի պաշտօնին, զոր խղճմտօրէն վարած է ու միաժամանակ սիրով կատարած իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:
Ինք մեծ հաւատացող մը եղած է մշակոյթի ուժին՝ ընդհանրապէս ու մասնաւորապէս՝ հայ մշակոյթին: Իր համեստ կարծիքով հայրենիքէն հեռու ապրող սփիւռքահայը գոյատեւած է շնորհիւ իր դարաւոր մշակոյթին:
«Այսօր հայապահպանման հոլովոյթը դժուարացած է: Լայնախոհութիւն եւ լրջամիտ ուղեկից պէտք է մեր աւանդական դիմագիծը պահելու համար», կը հաստատէ ինք:
Ի՞նչ կը վերաբերի հայ երիտասարդներուն կամ ներկայ մեր նոր սերունդին, Թորոսեան կը շեշտէ, թէ առհասարակ իւրաքանչիւր հայ մարդ անհատ իր կեանքին մէջ հետապնդելիք հիմնական ազգային նպատակներ պէտք է ունենայ ու իր գոյութիւնը շարունակէ հայօրէն:
Քրիստոնէական հասկացողութեամբ հաւատքը առանց գործի պարապ է եւ ունայն:
Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ զարգացած եւ յանձնառու երիտասարդութեան վիճակուած է մեծ դերակատարութիւն:
Պէտք է լաւապէս հոգեմտաւոր ձեւով դաստիարակել մեր երիտասարդութիւնը: Պէտք է ըլլալ նաեւ արդարամիտ եւ յատկապէս խղճամիտ ու հաւատքով լեցուն: Համախումբ աշխատանք տանիլ, միասին, համերաշխ եւ համախորհուրդ: Այս որդեգրումով կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել մեր ազգին բոլոր իղձերը: Այս բոլորը արուեստագէտ Ժիրայր Թորոսեանի գլխաւոր մտահոգութիւններէն ծնունդ առած լաւագոյն թելադրանքներն են՝ հասցէագրուած մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն եւ ղեկավարութեան: