
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Կանուխ տարիքէն մուտք գործած էք ոսկերչական ասպարէզ, որուն հմտութիւնները ժառանգած էք ձեր ընտանիքէն: Կը խնդրենք, որ այդ մասին պատմէք առաւել մանրամասն կերպով:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Ոսկերչական ասպարէզը, ըլլալով մեր ընտանիքին հիմնական արհեստը, փոքր տարիքէս հմայած է զիս՝ իր ստեղծագործական եւ վաճառականական ընդարձակ կարելիութիւններու հեռանկարով:
Տակաւին պատանի, կրտսեր զաւակը՝ Արշաւիր եւ Արաքսի Կիտցինեաններու, կը յաճախէի Պուրճ Համուտի հայահոծ Նոր Սիս թաղի Ազգային Լուսինեան վարժարանը, որ կը գտնուէր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կամարներուն շուքին տակ:
Սակայն օրէ օր մէջս զարգացող հետաքրքրութիւնը դէպի ոսկերչական ասպարէզ կ՛արմատաւորուէր ու հիմնական ներկայութիւն կը դառնար: Թանկագին մետաղներով եւ թանկագին քարերով ստեղծագործութեանց հանդէպ սէրս եւ տաղանդս՝ ներշնչուած են եղբօրս՝ Աբօ Կիտցինեանի ստեղծած, իրենց տեսակին մէջ եզակի գոհարեղէններու արտադրութենէն եւ ընտանեկան յարկէն ներս արուեստի հանդէպ եղած գնահատանքէն եւ քաջալերանքէն:
Ես ոսկերիչներու այն բախտաւոր սերունդին կը պատկանիմ, որ հասակ առաւ եւ կազմաւորուեցաւ Լիբանանի առեւտրական ամենաբարգաւաճ տարիներուն, վայելելով ժամանակակից տաղանդաւոր եւ ստեղծագործ վարպետներու ցուցմունքներն ու հմուտ խորհուրդները:

ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ե՞րբ հիմնած էք ձեր անձնական ընկերութիւնը, զարգացման ի՞նչ փուլերէ անցած է անիկա:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Սեփական առաջին գործատեղիս հիմնած եմ 1966 թուականին Լիբանանի Պապըտրիս շրջանին մէջ, որ ոսկերչական կեդրոններէն մէկը կը համրուէր: Մասնագիտութիւնս էր վաճառականներու զարդեղէններուն վրայ թանկագին քարեր զետեղելու եւ փորագրելու ծառայութիւնը: Այս գործընթացը կը պատահէր օրական 18 ժամուան յարատեւ եւ աչլուրջ աշխատանքով, որ, կը կարծեմ, հիմնաքարը եղաւ իմ ասպարէզիս երկրորդ հանգրուանի ստեղծման՝ ձեռնարկելով փոքրաքանակի վաճառատան մը հիմնադրման, Լիբանանի Համրա արուարձանին մէջ, որ, իր կարգին, յաջող վաճառատուն մը եղաւ:
1973ին որոշեցի այցելել եղբօրս՝ Աբոյին, Միացեալ Նահանգներ. ան 1965էն ի վեր հաստատուած էր Հաուայեան կղզիներու մայրաքաղաք Հոնոլուլուի մէջ եւ ունէր իր սեփական վաճառատունը եւ արտադրման գործատեղին:
Դէպի Հաուայեան կղզիներ այս ճամբորդութիւնս եղաւ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելու որոշումիս հիմնական պատճառը: Զմայլած էի կղզիի բնական գեղեցկութեամբ եւ ամերիկեան ցամաքամասի գործի անսահման կարելիութիւններով: Որոշումս յստակ էր, սակայն կը մնար ստանալ ծնողներուս դրական կեցուածքը՝ այս փոխադրութեան մեծ քայլին գործադրութեան համար: Լիբանանը այդ օրերուն քաղաքական անկայուն օրեր կ՛ապրէր եւ օրըստօրէ կացութիւնը կը վատթարանար: Վերջապէս ծնողքս համաձայնեցաւ այս նոր գաղափարին այն պայմանով, որ ամուսնութիւն կնքէի նախքան Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլս:
1974ին բարի բախտը ունեցայ ծանօթանալու եւ ամուսնանալու սիրելի տիկնոջս՝ Սիւզան Սասունեանին հետ, որ հետագային՝ երկար տարիներու իր ներդրումով, անսակարկ զօրակցութեամբ եւ աշխոյժ աշխատանքով մասնակից եղաւ ասպարէզիս յաջողութեան, սատարելով «մարքեթինկ»ի եւ սպառման մարզին:

1975ին ուղղուեցանք Հաուայեան կղզիներ եւ անմիջապէս ձեռնարկեցինք վաճառատուներ հաստատելու գործին՝ շրջակայ կղզիներուն եւ Հոնոլուլուի մէջ: Կարճ ժամանկի մէջ այդ շրջաններուն մէջ հիմնուեցան 5 տարբեր վաճառատուներ:
Նոյն տարուան ընթացքին բախտաւորուեցանք անդրանիկ զաւակիս՝ Արշաւիրի ծնունդով՝ Հաուայեան կղզիին մէջ, սակայն հայկական միջավայրէն հեռու, դպրոցի եւ եկեղեցւոյ պակասը զգալով, որոշեցինք վերջնականապէս հաստատուիլ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքը:
1976ին Տաուն Թաունի 629 S. Hill St. շէնքին մէջ հիմնեցի, այս անգամ, մեծաքանակ ոսկիի վաճառքի կեդրոնը եւ արտադրութեան աշխատանոցը: Այդ տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու տարածքին ոսկեայ զարդեղէն արտադրելու եւ վաճառելու հսկայ շարժում մը սկսաւ ու մենք այն քանի մը բախտաւորներէն էինք, որոնք այդ հոսանքին մէջ թիավարելու առիթը ունեցան: Այդ տարիներուն Եւրոպայէն ներածուած մեր ոսկեղէնները եւ մեր աշխատանոցին մէջ արտադրուած զարդեղէնները փնտռուած ըլլալով, կարելի էր գտնել Միացեալ Նահանգներու զանազան վայրերու մէջ գտնուող վաճառատուներու մէջ՝ «Սեք», «Քիթսինեան», «Վաննա Քէյ», «Պրամտիակ» անուններով:
1988 թուականին, «Կիտցինեան» (Kitsinian) հաստատութիւնը օժտուեցաւ իր սեփական շէնքով, արտադրութեան նոր եւ արդիական սարքաւորումներով եւ ընդարձակ աշխատանոցով ու գրասենեակներով՝ լաւագոյնս գոհացնելու համար յաճախորդներուն պատուէրներն ու պահանջները:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ոսկեայ ի՞նչ զարդեղէններ կը պատրաստէք եւ յատուկ ի՞նչ առաջարկներ ունիք ձեր յաճախորդներուն:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Այսօր, «Կիտցինեան» հաստատութիւնը մօտաւորապէս 50 տարուան վրայ երկարող իր փորձառութեամբ ունեցած է 14 «քաթալոկ»ներ՝ հայթայթելով թանկագին քարերով եւ մետաղներով պատրաստուած տարբեր տարիներու նորաձեւութեամբ օժտուած մատչելի եւ հրապուրիչ ոսկեղէններ: Ոսկեայ արտադրութիւնները ընդհանրապէս դասական (classic) կտորներ են, որոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին, նաեւ այժմէական (արդի) կտորներ, որոնք կ՛արտայայտեն օրուան նորաձեւութիւնը: Այս օրերուն մեր հիմնական արտադրութիւնը կը կեդրոնանայ «Վաննա Քէյ» (Vanna K) վաճառանիշի «Քլասիք» եւ «Ռընեսանս»ին (Classic & Renaissance) վրայ:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ո՞ւր կը գտնուին ձեր արտադրութեան սպառման հիմնական կէտերը:

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Մեր արտադրութեան սպառման շուկան Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ է, ի մասնաւորի՝ Հաուայեան կղզիները, ուր հաստատած ենք մեծաքանակի վաճառման ցուցասրահ, որ 25 տարիէ ի վեր կը մատակարարէ կղզիի վաճառատուները, նաեւ Ճափոնի յաճախորդները:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ձեր նախահայրերը նոյնպէս զբաղուած են ոսկեգործութեամբ: Արդեօ՞ք ձեր ընտանեկան ասպարէզին մէջ կան միայն Կիտցինեաններուն բնորոշ զարդեղէններ:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Տարբեր ժամանակաշրջաններու «Կիտցինեան» հաստատութիւնը եւ ընտանիքի անդամները ստեղծած են դասական ճաշակի օրինակներ եւ գոհարեղէններ, որոնք ընտանիքի սեփականութիւնն են եւ այս հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ զարդասեղներ, մանեակներ, ադամանդակուռ օղեր եւ մանաւանդ՝ ձեռային աշխատանքով ոսկեայ օղակներով պատրաստուած զգեստաւորումներ, ադամանդեայ կոճակներով վիզի շալ. ասոնք իրենց տեսակին մէջ եզակի արտադրութիւններ են:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ձեր տղան նոյնպէս կը հետեւի ընտանեկան գործառնութեան: Ինչ նորամուծութիւններ կ՛առաջարկէ ան ձեր յաճախորդներուն:

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Արշաւիրը՝ մեր անդրանիկ զաւակը, մօտաւորպէս 20 տարուան փորձառութիւն ունի «Կիտցինեան» հաստատութեան մէջ: Ան մասնագիտութեամբ «Ճեմօլոճիս»չ (gemologist, ադամանդի մասնագէտ) է՝ վկայուած Gemological Institute of America-էն: Ներկայիս ան կը վարէ «Vanna K» եւ «Lorik» վաճառանիշներու արտադրութիւնը եւ սպառման տնօրէնութիւնը: Իսկ մեր միւս զաւակները՝ Նարեկը եւ Վանան, անոնք փաստաբաններ են եւ մեծ ներդրում ունին այս հաստատութեան մէջ: «Vanna K» վաճառանիշը ծնունդ առած է Վանայի գծագրութիւններով ստեղծուած հարսանեաց մատանիներու եւ զարդերու հաւաքածոներով՝ բծախնդրօրէն հետեւելով «տիզայնինկ»ի նոր գաղափարներու:
«Կիտցինեան» հաստատութիւնը ունի նաեւ մասնաճիւղ մը, որ կը ներկայացնէ արծաթով եւ գունաւոր քարերով պատրաստուած զարդեր (Vantani վաճառանիշ), որուն սպառման տնօրէնութիւնը կը վարէ Նարեկը: Իսկ մեր կրտսեր զաւակը՝ Հրակը տակաւին համալսարանական է եւ կը մասնագիտանայ առեւտրական ճիւղին մէջ:

ԱՍՊԱՐԷԶ.- Իսկ համայնքային կեանքին մէջ ձեր գործունէութի՞ւնը, Հայաստանի հետ ձեր կապերն ու գործունէութի՞ւնը:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Ամերիկահայ համայնքէն ներս իմ գործօն մասնակցութիւնս սկսաւ երբ հաստատուեցայ Կլենտէյլ քաղաքը: Իմ օժանդակութիւնս եւ ներդրումս տալով այդ օրերուն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան, ՀՄԸՄի եւ ՀՅԴի ինքնակազմակերպման գործունէութեան մէջ անդամակցելով «Ահարոնեան» կոմիտէութեան եւ հետագային «Ռոստոմ» կոմիտէութեան շարքերուն: Իբրեւ պատգամաւոր մասնակցած եմ ՀՄԸՄի Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ եւ քանիցս՝ ՀՅԴ Շրջանային ժողովներու ու 1988ին ընտրուած եմ կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
Հիմնադիր անդամներէն եմ ACF (Armenian Cultural Foundation) Trust Fund-ի:
1990ին ՀՅԴի հիմնադրութեան հարիւրամեայ յոբելեանին առիթով ղեկավարած եւ կազմակերպած եմ Հարիւրամեակի Յիշատակին առիթով ստեղծուած Ոսկեայ եւ Արծաթեայ դրամներու պատրաստութեան աշխատանքը:
1997ին գործօն դերակատարութիւն ունեցած եմ Հայ Ոսկերիչներու միութիւնը հիմնելու գործին մէջ եւ բազմաթիւ տարիներ վարած եմ անոր նախագահութիւնը ու 2 տարի վարած եմ Համաշխարհային Ոսկերիչներու նախագահութիւնը:

2002 թուականին քաղաքապետ Ճէյմզ Քենէթ Հահնի կողմէ նշանակուած եմ Լոս Անճելըս քաղաքի Տնտեսական համաշխարհային խորհուրդի անդամ:
2003ին դարձեալ քաղաքապետ Հահնի կողմէ նշանակուած եմ նախագահ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի ենթայանձնախումբերուն:
Հայաստանի հետ իմ կապերս սկսան երկրաշարժի տխուր օրերուն, երբ քանի մը ազգային գործիչներու հետ յանձն առինք օժանդակութիւն եւ մթերք փոխադրող օդանաւուն հետեւելու, ապահով ձեւով օգնութիւնը երկրաշարժէն վնասուած հայրենակիցներուն հասցնելու նպատակով եւ նոյն ժամանակ, մեր մասնակցութիւնը բերինք Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման աշխատանքներուն՝ տեղւոյն դաշնակցականամիտ երիտասարդութեան, մտաւորականութեան եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող ֆետայական խումբերու հետ հանդիպելով:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Հայաստանի մէջ կան ոսկիի հանքեր եւ ադամանդագործութեամբ զբաղող գործարաններ: Արդեօ՞ք Հայաստանը կարողութիւնը ունի իր ներուժով այս մարզին մէջ նշանակալի տեղ ունենալու համաշխարահային շուկայէն ներս: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Յստակ եւ մանրամասնութեամբ տեղեկութիւն չունիմ Հայաստանի ոսկիի հանքերուն մասին: Ըստ մամուլէն եւ կառավարական զեկուցագիրներէ քաղած իմ տեղեկութիւններուս, գանատական ընկերութիւն մը հանքերու զտման գործը կը կատարէ Հայաստանի կառավարութեան իբրեւ գործընկեր եւ կը յուսամ, որ առողջ պայմանագրութիւններու հիման վրայ այս հանքերը կ՛օգտագործուին: Ներկայիս ոսկիի գինի բարձր ըլլալուն պատճառով կը յուսամ, որ այս ոլորտը իր նպաստը կը բերէ Հայաստանի ֆինանսական պիւտճէին վրայ:
Ադամանդագործութեամբ զբաղող գործարանները սովետական շրջանին ունեցած են համբաւի արժանի արտադրութիւն ու որակ եւ համբաւաւոր ադամանդ տաշող վարպետներ: Սակայն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի ադամանդի գործարանները տարիներով դատարկ մնացին ադամանդի հումք չունենալու պատճառաւ: Եթէ Ռուսիան հումք չտրամադրէ նպաստաւոր եւ մատչելի գիներով, Հայաստանի մէջ ադամանդագործութիւնը տագնապի կը մատնուի: Ներկայիս այդ գործատեղիները կը պատկանին անհատներու եւ անհատական միջոցներով պէտք է հումք գտնեն ազատ շուկայէն եւ մրցին Հնդկաստանի եւ Չինաստանի աշխատաւորութեան ձեռավարձքին հետ, որուն չափանիշը 4 անգամ նուազ է Հայաստանի հետ բաղդատած եւ այս օրերու պայմաններով, խոստմնալից չեմ գտներ Հայաստանի ադամանդագործութեամբ զբաղող գործարաններուն իրավիճակը:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Իսկ Հայ ոսկերիչներու միութեան հետ կապուած ձեր գործունէութի՞ւնը:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Հայ ոսկերիչներու միութիւնը ստեղծուեցաւ 1997ին Հայաստանի տնտեսական նախարարի հրաւէրով՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հայ ոսկերիչներու համագումարի մը մասնակիցներով:
Համագումարի մասնակցելու հրաւէրին ընդառաջած էին տասնեակ մը ոսկերիչ-վաճառականներ Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն եւ Միջին Արեւելքէն, որոնց միացան հայաստանցի ոսկերիչներ: Այս համագումարին որոշուեցաւ հիմնել Հայ ոսկերիչներու միութիւն մը, որ պիտի համախմբէ հայ ոսկերիչները եւ այս միութեան միջոցաւ աշխատանքային եւ առեւտրական միջոցներ եւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ ոսկերիչներու միջեւ, զարկ տալու համար Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման: Այսպիսով, ստեղծուեցաւ վարչական կազմ մը՝ նախագահութեամբ եւ համանխագահութեամբ երկու պատուական հայորդիներու՝ պրն. Հայկ Արսլանեանի եւ պրն. Ճանիկ Օսկանեանի (երկուքն ալ հանգուցեալ): Ես եղայ առաջին փոխնախագահը այս միութեան: Հետագային վարեցի Համաշխարհային հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահի պաշտօնը: Նաեւ յաջորդող տարիներուն աշխատանք տարուեցաւ եւ ստեղծուեցան տեղական ոսկերիչներու միութիւնները հայահոծ գաղութներու մէջ, որպէսզի աւելի սեղմ ծանօթութիւններ եւ կապեր հաստատուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ոսկերիչներու միջեւ ու իւրաքանչիւրի մասնագիտութեան ծանօթացման դաշտ մը ստեղծուի. այս եղաւ նպատակակէտը AJA միութեան: Լոս Անճելըսի ոսկերիչներու միութեան գործունէութիւնը եղաւ շատ աշխոյժ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր յաջողութեան գաղտնիքը, կամ, ինչպէս կ՛ըսեն՝ բանաձեւը:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Ոսկերչութեան ասպարէզին մէջ մեր գործին յաջողութիւնը կը կայանայ յաճախորդներուն մեր մատուցած ծառայութեան որակին մէջ:
Մեր որդեգրած աշխատաձեւը այնպիսին էր, որ կը պարտադրէր պահեստի ապրանք ունենալ՝ վաճառականներուն պատուէրները ամբողջացնելու համար: Այդ մարզին մէջ մեր բծախնդիր եւ պարկեշտ, պատուիրած ապրանքը յաջորդ օրն իսկ յաճախորդին տրամադրելի դարձնելու գործելակերպը, շահած վստահութիւնը, նորաձեւութեան այլազանութիւնն ու հարստութիւնը, նուրբ ճաշակը, որակը, գինի մատչելիութիւնը… այս բոլորը կու գան գոհ պահելու մեր յաճախորդները ու շուկային մէջ մեր տեղը գրաւելու: Այս բոլոր մասնիկները միանալով՝ մեզ արժանի դարձուցած են «Տարուան գլխաւոր վաճառող»ի (Vendor of the year) տիտղոսին:
————————————————————————————————————————
Սարգիս Կիտցինեանի Բարեգործութեանց «Մեխանիկ»ան
1980ական թուականներէն ի վեր, Փասատինայի գաղութը եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարէր վարձուած սրահներու կամ ամերիկեան եկեղեցիի մը մէջ: 2002ին, ընտանիքիս անդամներուն հետ ներկայ գտնուեցայ Փասատինայի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 20րդ տարեդարձին նուիրուած հանգանակային ճաշկերոյթին, որ տեղի կ՛ունենար Հայ Կեդրոնին մէջ: Զգալի էր գաղութի հայորդիներուն խանդավառութիւնը եւ եկեղեցիի յարմարութիւն ունեցող կալուածի մը գնման մարմաջը:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը արդէն ապահոված էր նուիրատուներու երկար ցանկ մը, սակայն իրենց կը պակսէր գլխաւոր բարերար մը:
Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ կը նախագահէր եկեղեցւոյ հանդիսութեան, մօտեցաւ ինծի եւ ուզեց հետս զրուցել: Երբ առանձնացանք, սրբազան հայրը ըսաւ ինծի. Սարգիս, ես բնաւ այսպիսի կացութեան մէջ չեմ գտնուած, եկեղեցաշինութեան եւ հողաշերտի գնման նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկի մը գամ առանց գլխաւոր բարերար մը ունենալու: Իմ փափաքս է, որ դուն եւ Սիւզանը, դուք ստանձնէք այս յանձնառութիւնը, թէպէտ դուք Փասատինա չէք ապրիր, սակայն, ձեր գերդաստանի մեծամասնութիւնը այս շրջանին մէջ կ՛ապրի:
Ինծի համար պահը շատ հանդիսաւոր էր: Բնաւ գաղափար չունէի, որ այդ գիշեր այսպիսի վսեմ յանձնառութեան մը պատասխանատուութիւնը պիտի վերցնէի եւ սակայն, առանց ընկրկումի ընդառաջեցի սրբազան հօր՝ սրտաբուխ իմ խոստումովս:
Ինչպէ՞ս կարելի էր սրբազան հօր խօսքը օդին մէջ առկախ թողուլ: Նաեւ՝ ես միշտ փափաք ունեցած եմ եւ փայփայած եմ գաղափարը ծնողքիս յիշատակը յաւէրժացնելու, ծնողքիս, որոնք հրաշքով վերապրած էին Ցեղասպանութիւնը, հաստատուած Լիբանան եւ ինքնաշխատութեամբ ու տոկուն կամքով բազմանդամ ընտանիք կազմած ու մասնակցութիւն բերած լիբանանահայ գաղութի ինքնակերտման գործունէութեան՝ եկեղեցաշինութեան, դպրոցաշինութեան, կեդրոն-ակումբներու շինութեան):
Ծնողքիս յիշատակը յաւէրժացնելու փափաքիս սրբազանը պատասխանեց. Սարգիս, դուն այս յանձնառութիւնը առ, մնացածը ինծի վստահիր. կարծես լռելեայն հասկցած էինք զիրար:
Ուղղուեցանք սրահ՝ քանի մը վայրկեան տեւած զրոյցէն ետք՝ երկուքս ալ գոհացած եւ թեթեւցած:
Տիկինս, որ ականտես եղած էր սրբազանին զիս դուրս հրաւիրելուն, հարց տուաւ, թէ ինչ էր սրբազան հօր հարցումը: Պատասխանեցի՝ բան մը չէ, վերջը կը պատմեմ: Այդ պահուն մեր սեղանակիցներուն զրոյցը այն էր, թէ քսան տարիներէ ի վեր այս գաղութը կը ջանար ունենալ իր սեփական հողով եկեղեցին ու ներկաներէն մին հարց տուաւ, թէ ինչ պիտի անուանուէր այս հիմնուելիք եկեղեցին: Այս անգամ, տիկինս էր պատասխանողը. «կարծես՝ Սուրբ Սարգիս»: Այս անունի երբ հնչեց հաճելի ու սրտի մօտիկ զգացում մը թողուց մէջս, որովհետեւ Լիբանանի Նոր Սիս թաղամասի եկեղեցին Սուրբ Սարգիս կը կոչուէր եւ մեր ծնողներու կապուածութիւնը այդ ծուխին, որուն հիմնադիրներէն էին: Մինչ այդ, սրահը կը խայտար եկեղեցաշինութեան գործին յառաջացուցած համայնքի զաւակներու անուրանալի եւ տեսանելի խանդավառութեամբ:
Վերջապէս պահը հասաւ: Սրբազան հայրը բարձրացաւ բեմ եւ տպաւորիչ ճառախօսութեամբ սրահի խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց յայտարարելով բարերարին յայտնութիւնը եւ անոր փափաքը՝ իր ծնողներու յիշատակը յաւէրժացնելու:
Մինչեւ այսօր, մեր ընտանիքին համար ամէնէն անմոռանալի պահերէն մէկը կը մնայ այդ գիշերը:
ՀՄԸՄ-Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ
Տարիներու ընթացքին բարձր գնահատած եմ ՀՄԸՄի տարած աշխատանքը իր առաքելութեամբ եւ նշանաբանով: Քանիցս ինծի առաջարկուած էր ստանձնել Նաւասարդեան խաղերու նախագահութիւնը, մանաւանդ որ ես անձամբ կապը եղած էի նախկին նախագահներու հետ, զանոնք համոզելու գործին իմ ներդրումս բերելով: Ինծի ուղղուած առաջարկներուն միշտ պատասխանած էի, որ ուրիշին պէտք է տալ առիթը, աւելի վաստակաւոր ՀՄԸՄականները նախապատիւ պէտք է ըլլան: Օր մըն ալ, երբ այս հարցերով հեռաձայնային զրոյց կ՛ունենայի յարգելի ՀՄԸՄական եղբայր Սարգիս Արեւեանին հետ (11րդ պատուոյ նախագահը), ան «Կիտցին (այսպէս կը դիմէր ինծի միշտ), ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը կ՛ուզէ քեզի վստահիլ 23րդ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահութիւնը, ի՞նչ կ՛ըսես», ըսաւ: Սագօ, ըսի, գիտես որ ես գործէ չեմ փախիր եւ իմ նախընտրութիւնս է, որ վաստակաւոր ՀՄԸՄականի մը տաք այդ պատիւը: Բայց քանի որ որոշած էք, ես սիրով պիտի ընդունիմ ձեր որոշումը»: