
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի «Հայ տուն»ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 121ամեակին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկ մը՝ կազմակերպուած Պելճիքայի կառոյցին կողմէ:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան: Ներկայ էին պրիւքսէլահայ գաղութէն անդամներ, ՀՅԴ համակիրներ եւ ընկերներ: Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան եւ Գերմանիոյ մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան:
Բեմ բարձրացաւ Կիրօ Մանոյեան, որ մանրամասն ներկայացուց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերջին տարուան տարած պայքարը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Յատուկ անդրադարձ եղաւ 2012ի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ զարգացումներուն, ՀՅԴի նախաձեռնած «Քուէն ուժ է» շարժումին եւ ընտրութիւններու ժողովրդավարօրէն իրականացման հրամայականին:
Կիրօ Մանոյեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր շատ են մեր դիմագրաւած վտանգներն ու մարտահրաւէրները: Անոնք բազմատեսակ են: Երբեմն նոյնիսկ՝ անյաղթահարելի թուացող: Բայց, մեր պատմութիւնը վկայ՝ մեր ժողովուրդը շատ աւելի ծանր ու դժուարին օրեր կրցած է յաղթահարել, շատ աւելի նուազ հնարաւորութիւններով: Այսօր ունինք անկախ հայրենի պետութիւն, ունինք ազատագրուած Արցախ եւ ունինք քաղաքականապէս կազմակերպուած ու առաւել կազմակերպուող Սփիւռք: Այս բոլորը, բոլոր վտանգներով հանդերձ՝ մեզի կու տան հիմք, որ ճիշդ քայլերու պարագային, մենք կը գտնուինք ճիշդ ճամբուն վրայ, ճիշդ ճանապարհի՝ դէպի ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական հայրենիքի կերտում»:
Կ. Մանոյեանի ելոյթէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան, որ տեւեց մինչեւ ուշ ժամեր եւ որուն յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն մը: