ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- «Կոմիտաս» ռատիօժամէն Կարօ Հեքիմեան կը յայտնէ. «Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին, «Վռամեան» ակումբը տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Ինչպէս հայաշխարհի դաշնակցական մեծ ընտանիքը աւանդաբար կը յիշէ իր օրը, մեր ՀՅԴի կառոյցն ալ իր հովանիին տակ գործող քոյր միութիւներ՝ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի, ԱԵՄ (երիտասարդական միութիւն) եւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ միասին, տօնախմբեց Դաշնակցութեան 121րդ տարեդարձը»:
ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէի բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, լայն պաստառի վրայ ցուցադրուած է, այս տարուան ընթացքին «Վռամեան» ակումբին շուրջ բոլորուած միութիւններու գործունէութիւններու մասին պատմող նկարներու շարան մը:
«Յուզումի պահեր ապրեցանք երբ մեր երէց ընկերերէն Կրեկուար Տէրտէրեանը խորհրդանշական մեծ նկար մը նուիրեց ակումբին, 1918ի ՀՀ անկախութիւնը կերտողներու պատկերներով՝ մասունք մը, որ աւելի գան 60 տարուան հնութիւն ունի», կը պատմէ Հեքիմեան:
Օրուան խօսքը փոխանցած է Ուրուկուէյի հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեան, որ շեշտը դրած է «Վռամեան» ակումբին մէջ իրենց գործունէութիւնը ծաւալող երիտասարներու օրինակելի աշխուժութեան, յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբէն ներս:
Տօնախմբութիւնը շարունակուած է Արժանթինէն հրաւիուած երաժիշտ Էտկարտօ Սարեան եւ իր նուագախումբը:
Տօնական կարկանդակի հատումով իր աւարտին հասած է ՀՅԴի 121րդ տարեդարձի նշումը: