ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ ընդառաջելով Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի տնօրէնութեան հրաւէրին, Հինգշաբթի, Յունուար 5ին, կ.ա. ժամը 11ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ այցելեցին հիւանդանոց:
Անձնակազմի անդամներուն ու հիւանդներուն համար տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք եւ ջրօրհնէք։
Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց պատասխանատուներուն ու ապաքինման մաղթանք՝ հիւանդներուն։