
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի քննարկումներու ժամկէտները յստակացած չեն տակաւին. այս մասին Չորեքշաբթի, Յունուար 11ին հաղորդեց Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Սեւան:
Ըստ Սեւանի, անցեալ տարեվերջին Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք մթնոլորտը բաւական դրական է:
«Իսրայէլի մէջ այս հարցին առնչութեամբ տրամադրութիւններուն մէջ նկատուող փոփոխութիւնը անդառնալի է: Փոխուած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ դնող քաղաքականութիւնը: Այլեւս ուրացում չկայ, այսինքն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՛ընդունուի իբրեւ փաստ: Իսրայէլը ընդունած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կը մնայ պարզապէս այդ քայլը պաշտօնականացնել: Բազմաթիւ պատգամաւորներ այս ընթացքին բացայայտ կերպով արտայայտեցին իրենց տեսակէտները՝ ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման», կ՛եզրափակէ Սեւան: