
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըչ ատրպեճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Անգարա-Երեւան կապերու հաստատման հարցին մէջ գլխաւոր արգելքը Արցախի տագնապն է:
«Պէտք է վերցուի այդ խնդիրը, որ պատճառ դարձած է Հայաստանի հետ սահմանի փակման։ Հայաստան պէտք է դուրս գայ գրաւեալ տարածքներէն եւ բանայ Ատրպէյճանի հետ սահմանը։ Այնուհետեւ, Թուրքիոյ հետ կապերու հաստատման հարցին մէջ խնդիր չի մնար», ըսած է Քըլըչ։
«Ատիկա նաեւ Թուրքիոյ համար սուրբ հարց է եւ կ՛ուզենք հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորում տեսնել, որովհետեւ Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան իր ցանկութեան զուգահեռ՝ շրջանային համատեղ զարգացման կողմնակից է», յայտարարած է դեսպանը։
Ըստ թուրք դիւանագէտին, Արեւմուքը եւս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը խրախուսէ։