ԼՈՆՏՈՆ.- Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսա»չ օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի միջեւ Ուրբաթ, Յունուար 14ին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին քննուած գլխաւոր հարցերը եղած են Իրանի հիւլէական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ թղթածրարները։
Աղբիւրները կը նշեն, թէ նշեալ թղթածրարներէն որեւէ մէկուն մէջ համաձայնութիւն չէ գոյացած, սակայն Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ «5+1»ի (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներ եւ Գերմանիա) միջեւ բանակցութիւններ հիւրընկալելու Անգարայի առաջարկին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է։
Աղբիւրները յայտնած են, որ սուրիական եւ իրաքեան թղթածրարներուն շուրջ երկու երկիրներուն կեցուածքները կը շարունակեն իրարմէ շատ հեռու ըլլալ՝ նշելով, որ Անգարայի կարծիքով, այդ երկիրներուն մէջ դէպքերուն ընթացքը ցոյց կու տայ, որ անոնք «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենան: Անգարա դարձեալ հերքած է Իրաքի մէջ կողմնակալ կեցուածք ունենալու հարցը։ «Երկու թղթածրարներուն նկատմամբ անոնց (իրանցիներուն), ինչպէս նաեւ մեր կեցուածքը ծանօթ է։ Տեսակէտներ փոխանակեցինք եւ կ՛աշխատինք, որ հարցը մեր յարաբերութեանց վրայ չազդէ», ըսած են թրքական աղբիւրները։