ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Տիգրանակերտէն (Տիարպեքիր) ընտրուած պատգամաւոր Ճումա Իչթեն յայտարարած է, որ թէեւ իր կուսակցութիւնը Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան նեցուկ կը կանգնի, սակայն Իրաքի մէջ արիւնահեղութենէն խուսափելու համար, Թուրքիան պէտք չէ դէմ ըլլայ Իրաքի մէջ քրտական պետութիւն մը ստեղծելու ջանքերուն, եւ նոյիսկ պէտք է աջակցի այդ գործընթացին:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի՝ նոյն երեսփոխանը աւելցուցած է. «Որքա՛ն իրաւունքներ ունին թուրքերը, այնքան ալ ունին քիւրտերը՝ սեփական պետութիւն ունենալու առումով: Իրաքի մէջ քրտական պետութեան ստեղծումը վտանգ չէ Թուրքիոյ համար, եւ Թուրքիան պէտք չէ անհանգստանայ անկէ: Թրքաբնակ քիւրտերը, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերուն նման, մէկ շրջանի մէջ չեն կեդրոնացած եւ կ՛ապրին Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին. այդ իսկ պատճառով, նոյնիսկ եթէ փափաքին, չեն կրնար անջատուիլ Թուրքիայէն»: