ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիան Ուրբաթ, Յունուար 14ին քննադատեց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին իր ներկայացուցած բանաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու գծով արեւմտեան երկիրներուն առաջարկները՝ յայտնելով, որ անոնց նպատակը Դամասկոսի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն իրականացնելն է։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախագահ Կենատի Կաթիլով յայտնեց. «Դժբախտաբար արեւմտեան պատկերացումը կը հակասէ մեր պատկերացումին։ Մեզի առաջարկած իրենց փոփոխութեանց նպատակը Դամասկոսի մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի փոփոխութիւնն է, եւ անոնք մեր բանաձեւի պարունակութիւնը ամուլ կը դարձնեն: Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք բռնարարքները դադրեցնել եւ քաղաքական նոր հոլովոյթի մը սկսիլ՝ առանց օտարներու միջամտութեան»։