ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Սելճուք Ունալ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Երեքշաբթի, Յունուար 17ին պիտի այցելէ Նախիջեւան, ուր Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եռակողմանի հանդիպում մը պիտի ունենայ։
«Թրենտ» կ՛ընդգծէ, որ այդ հանդիպումին վերաբերեալ համաձայնութիւնը գոյացած էր անցեալ տարուան Նոյեմբերին՝ Նախիջեւանի մէջ երեք երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Այդ հանդիպումին քննարկուած էին նաեւ առեւտուրի, արդիւնաբերութեան, ներդրումներու, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն առնչուող հարցեր։