
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը վաղաժամ էր, որովհետեւ տարիներ ետք միայն Իրաքի մէջ ժողովրդավարական վարչակարգ պիտի հաստատուի եւ մինչ այդ՝ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր։ Ան շեշտեց, որ այս կապակցութեամբ իր զգուշացումը փոխանցած էր Ուաշինկթընի: