ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Փենթակոնի լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա Ուրբաթ, Յունուար 14ին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն Եւրոպայի մէջ տեղակայուած հետեւակ զօրքերու կազմէն դուրս պիտի բերէ երկու զօրաբաժիններ (մօտաւորապէս 7000 զինուոր) եւ զանոնք պիտի տեղափոխէ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններ։
«Հետեւակ զօրքերը, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական ռազմավարութեան տեսանկիւնէն՝ առաջնակարգ են, եւ ատոնց թիւը պիտի չնուազի։ Բանակը պիտի հեռացնէ երկու զօրաբաժին, սակայն ստորաբաժանումներու փոխանակութեան հիման վրայ տարածաշրջանին մէջ զգալի ներկայութիւն պիտի պահպանէ», ըսած է ան։
Ան նաեւ շեշտած է, որ նախագահ Օպամայի՝ վերջերս յայտարարած նոր ռազմական ռազմավարութեան ծիրին մէջ, շեշտադրումները աւելի շատ ծովուժի եւ օդուժի վրայ են, սակայն Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ցամաքային ուժեր պահել:
Փենթակոն կը շեշտէ, թէ ՆԱԹՕի դաշնակիցներուն հետ արդէն իսկ գոյացած է Եւրոպայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման շուրջ համաձայնութիւն: