
ԼՈՆՏՈՆ.- Ուրբաթ, Յունուար 14ին, «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէկ դատարանը Եորքի դքսուհի Սառա Ֆըրկըսընը ամբաստանած է Թուրքիոյ տարածքին անօրինական նկարահանումներ կատարելու եւ թուրք բնակչութեան անձնական կեանքին միջամտելու յանցանքով:
Մեղադրանքը կը վերաբերի Անգարայի որբանոցներէն մէկուն մէջ վաւերագրական ժապաւէնի նկարահանման աշխատանքներուն։ Եորքի դքսուհին 2008ին այցելած էր թրքական որբանոց մը՝ բրիտանական «Այ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համար վաւերագրական ժապաւէն նկարահանելու նպատակով։ Օրին Բրիտանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական լարուածութիւն պատճառած ժապաւէնին մէջ ցուցադրուած էին ամբողջ օր մը մահճակալներուն կապուած երեխաներ եւ այլ անմարդկային տեսարաններ։
Եթէ դքսուհիին դէմ ամբաստանութիւնը հաստատուի, ան կրնայ մինչեւ 22 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։
Ֆըրկըսընի ներկայացուցիչները մերժած են այս լուրին մասին հարցումներուն պատասխանել, սակայն «Պի.Պի.Սի.»ի թագաւորական ընտանիքի հարցերով լրագրող Փիթըր Հանթ, վկայակոչելով իր աղբիւրները՝ յայտնած է, թէ դքսուհին շատ զարմացած է այս զարգացումին պատճառաւ։ Զինք մասնաւորաբար ապշեցուցած է այն, որ մեղադրանքները իր հասցէին ուղղուած են, եւ ոչ թէ պատկերասփիւռի կայանին: