
ԵՐԵՒԱՆ,– Հոկտեմբեր 27ի գործով մեղադրուած եւ արդարացուած Նայիրի Բադալեան Յունուար 19ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, թէ եթէ Հայաստանի մէջ շատ քիչ թիւով մարդիկ կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ արդարադատութեան նախարարութիւնը նահանջի մէջ է։
Անցնելով Հայաստանի բոլոր դատական ատեաններէն՝ 3 Մայիս 2011ին Ն. Բադալեան դիմած է Եւրոպական դատարան, եւ բացուած է «Բադալեանն ընդդէմ Հայաստանի» գործը: Իսկ Օգոստոս 15ին Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարանը որոշում կայացուցած է, որ Հայաստանի մէջ վերաբացուի քաղաքացիական հայցի քննութիւնը ընդդէմ նախագահի, գլխաւոր դատախազութեան, զինուորական դատախազութեան եւ ոստիկանութեան մեկուսարանի:
Բադալեանի համաձայն, քաղաքացիական գործը վերաբացուած է՝ հիմք ունենալով այն, որ քրէական գործով հաստատուած են իր կրած խոշտանգումները, նիւթական, գոյքային եւ առողջական վնասները:
«1999ից մինչեւ 2011 իմ բոլոր դիմումները մշտապէս մերժւում էին, բայց բաւական էր, որ Եւրոպական դատարանը գրանցեր իմ գործը, 20 օր յետոյ Հայաստանում բացուեց քաղաքացիական հայցս, որն արդէն անցել էր Հայաստանի բոլոր ատեանները եւ վերադարձուել վճռաբեկ դատարանի որոշմամբ», նկատեց Բադալեան: