– Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կից Հասարակական խորհուրդի անդամ Իկոր Քորոթչենքօ յայտարարած է, որ Իրանի դէմ պատերազմ սկսելու պարագային, Թեհրան շատ հաւանաբար յարձակի Կասպից ծովուն մէջ գտնուող Ատրպէյճանի ուժանիւթի հանքերուն վրայ:
– 1980ի Թուրքիոյ պետական յեղաշրջումի հարցով թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ, Թուրքիոյ 7րդ նախագահ Քենան Էվրենի եւ թրքական օդուժի նախկին հրամանատար Թահսին Շահիքայայի դատավարութիւնը պիտի սկսի Ապրիլ 4ին։ Դատարանը Էվրենի եւ Շահինքայայի ճամբորդութեան դէմ արգելք հաստատած է։
– Վրաստանի նախկին նախագահ եւ Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախքին նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, իր նախագահութեան յաջորդ շրջանին, Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի դարձնէ Ռուսիան: «Հակառակ Ռուսիոյ մէջ սկսած բողոքի շարժումին, Փութին դարձեալ պիտի դառնայ երկիրի նախագահ», ըսած է ան։ Ըստ անոր, ներկայիս Ռուսիան աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի Եւրոպայի վրայ, քան՝ հակառակը։
– Թուրքիոյ «Քատիր Հաս» համալսարանի կատարած հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն, այդ երկրին մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին պահպանողականներուն թիւը 5.5 տոկոսով աճած է:
– Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական տնտեսութիւնը մեծ աճ կ՛արձանագրէ, եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը տարածուի նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Թերթը կը նշէ, թէ այդ ազդեցութիւնը միայն մօտակայ երկիրներուն վրայ չի տարածուիր, այլեւ կը ներառէ նախկին խորհրդային երկիրներ, մանաւանդ անոնք, որոնք թրքալեզու են։ Օրաթերթը կը նշէ, թէ հակառակ անոր որ Մոսկուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները շատ ամուր են, լարուածութիւններ կրնան ծագիլ, որովհետեւ Թուրքիա սկսած է մրցակցելու Ռուսիոյ հետ, Ռուսիոյ համար աւանդաբար կենսական հանդիսացող նախկին խորհրդային տարածքին մէջ։
– Ըստ նոր բացայայտուած տեղեկութեանց, Փաքիստանի նախկին նախագահ Փերվեզ Մուշարաֆ 175,000 տոլար վճարած էր ամերիկեան լոպիական հիմնարկի մը, որ կրցած է մէկ օրուան ընթացքին ամերիկացի վեց ծերակուտականներու հետ հանդիպումներ ապահովել նախագահին համար, համաձայնութեան կնքումէն միայն ամիս ետք:
– Ուսումնասիրութեանց «Հար»չ հիմնարկին կատարած մէկ հարցախոյզին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու հանրապետականներուն 62 տոկոսը այն համոզումը ունի, որ տնտեսական ներկայ կացութիւնը նպաստաւոր է «հարուստներու շատ փոքր համեմատութեան մը համար»:
– 2008ին սկսած տնտեսական ճգնաժամէն ետք, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներուն հարստութիւնը 25 տոկոսով աճած է:
– Ամերիկացիներուն 13 տոկոսը կը կարծէ, թէ ինք երկրի ամենաշատ եկամուտ ունեցողներու ցուցակին առաջին 1 տոկոսին մէջ կը գտնուի, իսկ այդ համեմատութիւնը 28 տոկոս է սպանախօսներուն մօտ:
– Միացեալ Նահանգներու վեթերաններու վարչութեան առողջապահական ծախսերուն մէկ երրորդը կը տրամադրուի վեթերաններու մտային հիւանդութիւնները կամ անոնց մոլութիւնները դարմանելու նպատակին: