
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ պատասխանեց Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մասին ներկայացուած պահանջներուն։ Թուրքիա սկսած է վերադարձնելու փոքրամասնութիւններուն կալուածները եւ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ նոյն դրութիւնը կիրարկուի նաեւ Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու թուրքերուն համար: «Մենք մեր երկրի փոքրամասնական հայրենակիցներու իրաւունքները չենք ճշդեր այլ երկիրներու մէջ թուրքերու համար մշակուած իրաւունքներուն հիման վրայ», նշեց Արընչ։
1936ին գրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնելու մասին օրէնքի լոյսին տակ, ցարդ 14 վագըֆներ դիմում կատարած են վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։