ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ թուրք համայնքի ներկայացուցիչները ողջունած են Պուլկարիոյ խորհրդարանի յայտարարութիւնը, որ 1980ական թուականներուն, նախկին համայնավար վարչակարգին կողմէ Պուլկարիոյ թուրքերուն դէմ կիրարկուած բռնի ձուլումի քաղաքականութեան համար ներում կը հայցէ՝ զայն «կարեւոր քայլ մը» որակելով:
Թուրքերու ձուլելու քաղաքակա-նութիւնը դատապարտուեցաւ իբրեւ «ամբողջատիրական վարչակարգին կողմէ գործադրուած ցեղային մաքրագործման ձեւ մը»։ Յայտարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ նշեալ քաղաքականութեան պատասխանատուները պատժելու:
Նշենք, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանը անցեալ շաբաթ մերժած էր քննարկման դնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: