
ՓԱՐԻԶ, «Nouvelles dArmռnie».– Յունուար 19ին փարիզեցիք եւ դերասանական աշխարհի գործիչները յարգանքի տուրք մատուցեցին հայկական ծագում ունեցող ֆրանսացի դերասան Ռոզի Վարդին:
Յարգանքի տուրք մատուցելու համար Մարոքէն ժամանած էր նաեւ հանրածանօթ երգիչ Շառլ Ազնաւուր՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեանի հետ մասնակցելու հրաժեշտի արարողութեան, որուն ներկայ եղած են նաեւ դերասանուհի Մարթա Մերգատյէն, երգիծաբան Շանթալ Լատէզուն, Քաթրին Ռիշը եւ Էլիզապէթ Պուրժինը:
Նշենք, որ շատերու համար Ռոզի Վարդ կը մնայ «Մագի» հեռատեսիլիային դրուագաշարի հերոսուհի, որ կ՛ընթանար 1985-1993: Ան կը խաղար Ժան-Մարք Թիպոյի եւ Մարթա Վիլեալոնկի հետ: