
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Հինգշաբթի, Յունուար 26ին, կ.ա. ժամը 10ին մինչեւ կ.ե. ժամը 3, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Պրուըն Ուոք» շրջանին մէջ, համալսարանի Հայ ուսանողներու միութիւնը ուսանողական շարք մը այլ կազմակերպութեանց հետ գործակցաբար կազմակերպած է լուռ նստացոյց մը՝ լուսարձակի տակ առնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը, որ կը շարունակուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առաջնորդութեամբ:
«Ուրացման արատ»ը խորագրուած նստացոյցը կազմակերպողները կը շեշտեն, թէ Ցեղասպանութեան ուրացումը Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է եւ՝ անոր վերջին արարը, որուն պէտք է վերջ մը դնել:
Նստացոյցին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://all-asa.org/stainofdenial կայքը: