ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՌԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ՝ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

Նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայկական բաժանմունքի ամպիոնին, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին, համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ օգտաշատ եւ մտերմիկ զրոյց մը՝ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ ներկայիս Հայաստանի խորհրդարանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 անձի:
Զրոյցին բացումը կատարեց համալսարանի հայկական ամպիոնի վարիչ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, որ հանգամանօրէն անդրադառնալէ ետք Յովհաննէսեանի կենսագրական հանգրուաններուն՝ ներկայացուց Հայաստանի մէջ անոր կատարած աշխատանքները:
Խօսք առին նաեւ Հրայր Մսըրլեան եւ դպրոցի տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեան, որոնք դրուատանքով արտայայտուեցան Ռաֆֆիի արժանիքներուն մասին:
Յարգելի հիւրը բեմ բարձրանալով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իր ծննդավայրին՝ Ֆրեզնոյի մէջ, ուր մանկութիւնը անցուցած էր Յովհաննէսեան եւ Կոչոլոզեան զոյգ մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու ընտանիքներուն մէջ, ու ստացած հայեցի դաստիարակութիւն: Ելոյթի ընթացքին ան գովասանքով արտայայտուեցաւ իր մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն, ինչպէս նաեւ հօր՝ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մասին, որոնք հայրենասիրութեան կրակը վառեցին պատանի իր հոգիին մէջ՝ խօսելով Հայաստանի մասին:
Ան նաեւ ներկայացուց քաղաքական եւ տնտեսական այն իրավիճակը, որուն դիմաց կը գտնուի մեր հայրենիքը, եւ թուեց նաեւ դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցները՝ ապագային ցանկալի հայրենիք մը ունենալու համար:
Ապա, ներկաներուն առիթը տրուեցաւ ուղղելու հարցումներ, որոնց սիրայօժար պատասխանեց յարգելի հիւրը: