ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Տպաւորութիւններ՝ Յունուար 15ին, Շուշիի արուեստի ծրագիրին ի նպաստ Լոս Անճելըսի «Պարզնտըլ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած «Վահագնի»ի ելոյթէն, որ Վահագն Թուրգութեանի կիթառին շուրջ համախմբեց Արտիոմ Մանուկեանի թաւջութակը, Վարդան Յովսէփեանի դաշնակը, Հեմիլթըն Փրայսի «պէյս»ը եւ Զեք Հարմընի հարուածային գործիքները։
Սովորաբար ներկայացուած կտորներուն մուտքը հանդարտ ու հիւրընկալ էր, սակայն ալեկոծումները չէին ուշանար՝ ունկնդիրը ներգրաւող ուժը կրկնապատկելով։ Կշռոյթը արագօրէն կը զարգանար՝ քանի մը երկվայրկեանի մէջ հասնելով երբեմն նոյնիսկ «հարտ ռաք»ի, երբ թաւջութակը կը ստանձնէր ելեկտրական կիթառին դերը։
Սպանիոյ ֆլամենքոյի խրոխտ լարերը տիրապետող էին, բայց շրջապտոյտը բազմաթիւ կայաններ ունէր։ Կովկասէն, Նիւ Օրլինզէն եւ Վիեննայէն համեմատաբար աւելի ծանօթ մեղեդիներու կամ մեղեդիներէ կտորներու կողքին, կային նաեւ Հնդկաստանը եւ նոյնիսկ Պարսկաստանն ու Արապիան յիշեցնող ձայներ, յատկապէս առիթով մը ուտի վերածուած թաւջութակի ձայնին մէջ։ Հետաքրքրական էր մտիկ ընել Հնդկաստանէն Սպանիա եւ Անտալուսիա հասած ժողովուրդին արտադրած ֆլամենքոյի երաժշտութեան մէջ՝ հնդկական «թապլա»ն, որ ներկայիս սովորաբար «սիթարին» ընկերակիցն է։
Որոշ տեղեր կարելի էր լսել նաեւ Մայքըլ Նիմընը ու Ֆիլիփ Կլասը, ինչպէս նաեւ Ճան Քէյճը կամ «Փէյճ էնտ Փլեն»չը, որովհետեւ կաղապարներէն անդին նմանութիւնները կը բազմանան։
Երաժշտական գործիքները պարզապէս իրենց վերապահուած աւանդական ձայները հանելու համար չէին գործածուեր միայն, այլ հարստացած էին անսովոր եւ նոր ձայներով։
Հաճելի էր նաեւ դիտել մեզի ծանօթ մեղեդիներու (Կոմիտասէն) կատարումը՝ իւրայատուկ ոճով։ Երբեմն կը կրճատուէին որոշ նօթեր, կամ միջանկեալ նօթեր կը նուագուէին, իսկ երբեմն արագութիւնը կը փոխուէր՝ մեղեդին դնելով բոլորովին նոր մթնոլորտի մը մէջ։ Նաեւ հետաքրքրական էր ունկնդրել մեղեդիին փնտռտուքը, որ երբեմն տեղի կ՛ունենար մեր աչքերուն եւ ականջներուն առջեւ։ Ապակառուցողական, բայց շինիչ այս արարքներէն ետք, պաշտօնականն ու ազատը՝ վարպետօրէն եւ սանձարձակօրէն միաձուլուած եւ երբեմն միսթիք տարրերու համեմունքով մեզի հրամցուեցան: Անոնք միաժամանակ հոյակապ նմոյշներ էին գերազգային ու արդի արուեստի:
Այս հանճարեղներուն միակ նկատողութիւնս պիտի ըլլայ՝ նուազեցնել հարուածային գործիքներուն տրամադրուած ձայնի բաժինը, որպէսզի միւս գործիքները, յատկապէս դաշնակը, անոնց շուքին տակ չմնան։
Ձեր ձեռքերը դալար, տղա՛ք. շարունակեցէք ձեր լարերու հարուածներով ալեկոծել մեր հոգիները, որպէսզի ճահճացումէ հեռու մնանք։