
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Յունուար 15ին, Շուշիի արուեստի ծրագիրը (Shushi Art Project) իր հանրային անդրանիկ ծրագիրով հանդէս եկաւ Լոս Անճելըսի «Պարզնտըլ» թատերասրահին մէջ, ուր ծրագիրին ի նպաստ ելոյթ ունեցաւ «Վահագնի» նուագախումբը՝ ամբողջութեամբ լեցուն սրահի մը առջեւ:
Մրցանակակիր կիթառահար Վահագնիի՝ Վահագն Թուրգութեանի, կիթառին շուրջ համախմբուած էին Վարդան Յովսէփեան (դաշնակ), Արտիոմ Մանուկեան (թաւջութակ), Հեմիլթըն Փրայս (պէյս) եւ Զեք Հարմըն (հարուածային գործիքներ)՝ հանդիսատեսին հրամցնելով Վահագնի ստեղծագորութիւնները եւ հայկական ժողովրդային եղանակներու վերամշակուած տարբերակներ: Երաժշտական մէկ կտորի համար ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ճերալտօ Մորալես: «Վահագնի»ի յաջորդ խտասալիկը պիտի հրապարակուի Մարտին։
Ձեռնարկի հասոյթէն մաս մը պիտի տրամադրուի Շուշիի արուեստի ծրագիրին իրականացնելիք «Հող եւ արհեստագիտութիւն» արուեստի փառատօնին, որ Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 1էն 14ի միջեւ, մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն մօտաւորապէս 20 արուեստագէտներու:
«Թէ՛ իր մշակութային պատմութեամբ եւ թէ իր աշխարհագրական դիրքով, Շուշին քեզ շնչասպար ընող վայր մըն է: Այս պատճառով, Շուշիին ընտրութիւնը արկածի մը հետեւանք չէր պարզապէս: Նկատի ունէինք այն իրողութիւնը, որ Շուշին՝ իր 5000 ոտք բարձրութեամբ ու աշխարհէն կտրուած ըլլալու իրավիճակով, արուեստագէտներ ներշնչող հոյակապ վայր մըն է», կը յայտնէ ծրագիրի գործադիր վարիչ Հէրի Որբերեան:
«Հող եւ արհեստագիտութիւն» արուեստի փառատօնին մասնակից արուեստագէտները տեղւոյն վրայ պիտի ստեղծագործեն ու մարմին պիտի տան իրենց մտայղացումներուն՝ յաճախ գործակցելով տեղացի արուեստագէտներու հետ: Գործերուն մէկ մասը մնայուն կերպով Շուշիի մէջ պիտի մնայ:
2012ի ամրան կը ծրագրուի Կոմիտասի նուիրուած ձեռնարկ մը իրականացնել՝ աշխարհի տարածքին գործող արուեստագէտներու համագործակցութեամբ:
Շուշիի արուեստի ծրագիրը հայ արուեստներու նեցուկ կանգնող եւ այլազանութիւն ջատագովող ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է: