ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի հաստատումը անօրինակ ոգեւորութեան ալիք պիտի յառաջացնէ ամբողջ հայաշխարհին մէջ:
Ցնծութեան ու հպարտութեան, տօնախմբութեան մթնոլորտի մէջ պիտի ըլլանք յառաջիկայ օրերուն:
Արդար է, որ վայելենք յաղթանակի բերկրանքը: Արդար է, որ այս յաղթանակով ներշնչուինք ու նոր յաղթանակներ կերտելու վճռականութեամբ տոգորուինք:
Յաղթանակը նաեւ իրեն հետ կը բերէ հսկայական պատասխանատուութիւն: Արդարեւ, այս պատմակշիռ ձեռքբերումը մեզ արդէն կը տեղաւորէ Հայ Դատի հետապնդման նոր մակարդակի մը վրայ, ուր մեզմէ պիտի պահանջուի առաւել լարում, առաւել ընդգրկուն գործունէութիւն:
Գիտենք, որ Թուրքիան բրտօրէն պիտի հակազդէ Ֆրանսայի այս քայլին: Թուրքիոյ ղեկավարները ցարդ ցուցաբերած իրենց վարքով ապացուցած են, որ ամէն միջոցի պիտի դիմեն՝ կանգնեցնելու համար մեր յաղթական արշաւը: Թուրքիան վստահաբար պիտի վերագնահատէ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ իր վարած քաղաքականութիւնը եւ պիտի փորձէ գտնել առաւել ազդու միջոցներ, որպէսզի չկրկնուի Ֆրանսայի մէջ իր ամօթալի պարտութիւնը (Այո՛, Թուրքիան իր խայտառակ վարքագիծով, իր ղեկավարներու ապաշնորհ յայտարարութիւններով, այս քուէարկութիւնը վերածեց իր պարտութեան), եւ ընդհանրապէս խեղդուի մեր՝ օրէ օր հզօրացող պահանջատիրական շարժումը:
Յաղթանակին բերած պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս այսօր իսկ գնահատէ մեր մասնակցութիւնը Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ այդ մասնակցութիւնը որոշակիօրէն աւելցնելու խոստումը տայ: Այդ ձեւով մեր ցնծութիւնը իսկապէս կ՛իմաստաւորուի:
Նահատակ հերոս Թաթուլ Կրպէեանի մէկհատիկ աղջիկը՝ Ասպրամ Կրպէեան, քուէարկութեան լուրը առնելէ ետք, իր դիմատետրի էջին (Facebook-Խմբ.) վրայ արձանագրած է՝ Կեցցէ՛ Հայաստանը… Կեցցէ՛ Ֆրանսիան… Կեցցէ՛ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ…: