
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 20ին մասնակցած է դատական համակարգի Աշխատողի օրուան առթիւ տօնական հանդիսութեան եւ շնորհաւորած ոլորտի ներկայացուցիչները: Իր խօսքին մէջ երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ Արցախի բնականոն զարգացման ու քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ չափազանց կարեւոր է դատական համակարգին դերն ու անոր իւրաքանչիւր աշխատակիցի կատարած գործը:
Նախագահը նշած է, որ վերջին տարիներուն հանրապետութեան դատական համակարգին մէջ իրականացուած են լուրջ բարեփոխումներ, որոնք շօշափելի դեր ունեցած են երկրի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան մէջ: Նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ համակարգին մէջ ընելիքները տակաւին շատ են: Ան վստահեցուցած է, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները պիտի շարունակեն իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահել տուեալ համակարգի գործունէութեան ու դատաւորներու աշխատանքային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման հարցերը: