ՄՈՍԿՈՒԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 25ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ քննեց Սուրիոյ տագնապը, որուն լուծումը, ըստ երկու կողմերուն՝ շատ դժուար է։ Լաւրով յայտարարեց, թէ իր երկիրը տագնապի լուծման առաջնորդող «շինի»չ առաջարկներուն նկատմամբ դրականօրէն տրամադրուած է, սակայն՝ «Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկում կամ ուժի կիրարկում արդարացնող որեւէ որոշումի դէմ ենք։ Պիտի չզօրակցինք առաջարկներու, որոնց հիմամբ Սուրիոյ դէմ միակողմանի պատժամիջոցներ հաստատուեցան, պատժամիջոցներ՝ որոնք հաստատուեցան առանց Ռուսիոյ, Չինաստանի կամ ՊՐԻՔի (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստանի) անդամ երկիրի մը հետ խորհրդակցութեան», աւելցուց ան:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա «սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն բռնարարքները դադրեցնելու եւ կը վստահեցնեն, թէ արտաքին զինուորական միջամտութիւնը մերժելի է»։ Ան ըսաւ, որ Մոսկուա նաեւ պատրաստ է Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին իր ներկայացուցած բանաձեւին բարեփոխման առաջարկները քննարկելու։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով օգնական Ճեֆրի Ֆելթման, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանովի հետ այս շաբթուան ընթացքին «շատ օգտակար խորհրդակցութիւններ» ունեցած է։ Ան նշեց, որ խորհրդակցութիւններուն նպատակը Սուրիոյ մէջ կացութեան գծով միջազգային հակազդեցութեան նկատմամբ տարակարծութիւնները փարատելն էր, սակայն աւելցուց, թէ՝ «չեմ ըսեր, որ մեծ բեկումի մը հասանք»։
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սուզըն Ռայս, իր կարգին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուդրին կոչ ուղղեց՝ Սուրիոյ հարցին շուրջ աւելի ազդու որոշում մը հրապարակելու։ Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը կ՛անտեսէ Արաբական լիկայի առջեւ իր ստանձնած յանձնառութիւնները, որոնց շարքին՝ բոլոր բռնարարքները դադրեցնելն ու քաղաքայինները պաշտպանելը։
Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը եւս յայտարարեց, թէ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն միասնաբար կ՛աշխատին ճնշում բանեցնելու Դամասկոսի վրայ, որպէսզի գործադրէ Արաբական լիկայի նախաձեռնած քայ-լերը՝ աւելցնելով, որ վերոյիշեալ հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Սուրիոյ շուրջ իրենց ջանքերը համակարգել:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ իր տարեկան ճառին ընթացքին, անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին՝ յայտնեց, թէ «կասկած չունիմ, որ Ասատի վարչակարգը մօտ օրէն պիտի անդրադառնայ, թէ չի կրնար փոփոխութեան ուժին դիմադրել, ոչ ալ մարդոց արժանապատուութիւնը ճզմել»։
Ան դարձեալ զգուշացուց, որ սուրիական վարչակազմի օրերը հաշուուած են:
Միւս կողմէ՝ Սուրիա Չորեքշաբթի օր Իրաքի հետ սահմանին վրայ քիւրտ զինեալներ ձերբակալեց։