ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Յունուար 24ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ իր տարեկան ճառին ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ երկրին հարուստ քաղաքացիները պէտք է տուրքերու իրենց արդար բաժինը վճարեն՝ լուսարձակի տակ պահելով հանրապետական նախագահական թեկնածու Միթ Ռամնիի կողմէ իր անձնական տուրքերուն մասին հրապարակուած տուեալները, ըստ որոնց՝ ան միայն 13.9 տոկոս դաշնակցային տուրք վճարած է 2010ին՝ 21.6 միլիոն եկամուտ ապահովելէ ետք:
Օպամա նաեւ խօսեցաւ արդի արհեստագիտութեամբ ճարտարարուեստին զարկ տալու կարեւորութեան մասին եւ յոյժ դրական համարեց այն իրողութիւնը, որ ուժանիւթի տեղական արտադրութեան աճին շնորհիւ՝ զգալիօրէն նուազած է երկրին կախուածութիւնը ուժանիւթի արտաքին աղբիւրներէն: Արդարեւ, մինչ 2006 թուականին երկիրը կը ներածէր իր ուժանիւթին 60 տոկոսը, այդ համեմատութիւնը 49 տոկոսի իջած է, իսկ յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն կրնայ 35 տոկոսի իջնել:
Օպամա նաեւ շեշտեց, թէ տնտեսութիւնը սկսած է աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու՝ զգալիօրէն նուազեցնելով անգործութեան համեմատութիւնը, սակայն ընդունելով, թէ տակաւին երկարատեւ աշխատանք պէտք է տարուի կացութիւնը բարելաւելու համար: