ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Յունուար 25ին հաղորդրուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու մասնայատուկ ուժերու միջամտութեան շնորհիւ, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին սոմալիացի զինեալներու կողմէ պատանդ վերցուած ամերկուհի մը եւ դանիացի մը ազատ արձակուած են։ Գործողութիւնը տեղի ունեցած է մարտական ուղղաթիռներու օժանդակութեամբ։ Փոխհրացանաձգութեան պատճառով, սպաննուած են 8-9 զինեալներ, սակայն պատանդները չեն վիրաւորուած։ Անոնք ականներու չէզոքացումով զբաղող մարդասիրական կազմակերպութեան աշխատակիցներ են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.