ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Նաւն ալ նաւահանգիստին մէջ ապահով կը մնայ՝ ալիքներու հարուածներէն բեկանուելէ զերծ եւ անվտանգ: Սակայն, նաւահանգիստի իր կայքին մէջ երկար մնալէն, անոր յատակի մասը փտելու կը սկսի:
Այսպէս պէտք է մտածէ ամէն մարդ, երբ նայի իր «հանգիստ» ու «ապահով» կարծած կեանքին: Անպայման արկածախնդրութիւններ պէտք չեն, յաջողութեանց մէջ հանգրուանելու համար, այլ նուազագոյնը յանդգնութիւն պէտք է՝ իրագործումներ կատարելու նպատակով:
Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ապրող գեթէ բոլոր ընտանիքները եւ անհատները, երբեմն անկախաբար իրենց կամքէն, ապահովագրութիւն ունենալու ստիպողութեան առջեւ կը գտնուին:
Ապահովագրական ընկերութիւններ, իրենց պետական թէ սեփական տարբերակներով, տարեկան դրութեամբ հսկայ գումարներ կը ծախսեն քարոզչական նպատակներով, համոզելու համար տուեալ երկրին մէջ ապրող քաղաքայինները, որ անպայման ապահովագրուին: Սովորական արկածի դէմ ապահովագրութենէ բացի, ներկայիս նոյնիսկ նուազ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ սկսեր է տարածում գտնել կեանքի ապահովագրութեան տեսակը, որ նոյնիսկ յետ մահու կը խոստանայ տուեալ անձին ժառանգորդներուն տալ, տուեալ անձին «կեանքին գինը»:
«Միտքի հանգստութիւն» կը կոչեն շատեր ապահովագրութիւնը, որուն համար իրենց առօրեայ ծախսէն կարեւոր բաժինը կը տրամադրեն, անակնկալներու դիմաց գտնուելէ զերծ պահելով, արդէն անակնկալներով լեցուն սովորական իրենց կեանքը: Ոմանք թէ՛ իրենք իրենց անձը, եւ թէ ուրիշները կը համոզեն անպայման նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն ունենալու գծով, նոյնիսկ առօրեայ հաճոյքներէ զրկուելու գնով: Իսկ ուրիշներ ալ կան, որոնք «աւելորդ ծախս» կը համարեն նուազագոյն ապահովագրութենէ աւելին ունենալը, երիտասարդական իրենց առողջ տարիքին լաւագոյնս վայելելու համար կեանքը, առանց խնայողութիւններու:
«Ապահով կեանք»ի այս երեւոյթէն բացի, կան նաեւ առիթները, որոնք իւրաքանչիւր մարդ կ՛ունենայ իր ապրած օրերու ընթացքին: Չկայ մարդ, որուն առիթ չի՛ տրուիր այս կեանքի ընթացքին: Սա ընդհանրական սկզբունք իբրեւ պէտք է ընդունիլ, որովհետեւ եթէ մարդիկ տարբեր ժամանակներու մէջ կը ծնին ու այս աշխարհ կու գան, նաեւ տարբեր առիթներու դէմ յանդիման պէտք է գտնուին, իրարմէ տարբեր ժամանակներու մէջ: Յաւիտենական բնակութիւն չունի մարդ այս աշխարհի մէջ (Հմմտ Եբ 13.14), ո՛չ ալ յաւիտենական կեանք՝ հողեղէն իր մարմինով՝ նիւթեղէն այս աշխարհի վրայ: Միեւնոյն ատեն աշխարհ եկող անձեր, եւ միեւնոյն ժամանակին ապրողներու եւս տարբեր առիթներ կը շնորհուին: Սակայն, տրուած առիթներէն տեղեակ ըլլալու թէ չըլլալու խնդիրը կը մնայ անլուծելի: Ըսուած է նախապէս, թէ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին յատկապէս իրենց հոգեկան ու մտաւոր կազմաւորումով, ու յատկապէս խառնուածքով: Ոմանք աւելի արթուն են ու շուտով կ՛ըմբռնեն իրենց շրջապատին մէջ կատարուող դէպքերը, իսկ ուրիշներ՝ «քնացածներ» կը նկատուին: Ահա պատճառը, թէ ինչո՞ւ ոմանք յաջողակ են կեանքի մէջ, իսկ ուրիշներ միշտ ձախորդութիւններ կը դիմակալեն ու կը սպասեն բախտին, որպէսզի յանկարծ իր լայն ժպիտը ուրուագծէ: Բախտին սպասողը յաճախ յուսալքուած է: Բախտին ընկերացող նախաձեռնող ոգի՛ն է անհրաժեշտ, գտնելու համար այն առիթը, որ գուցէ մէկ անգամուան համար կը տրուի իւրաքանչիւր մարդու, իր կեանքի ընթացքին:
«Առիթները փախցնել» արտայայտութիւնը, որ արդէն իսկ լեզուական արտայայտչաձեւ դարձած է, ինքնին բացատրութիւն է այն անդրադարձումին, որ առհասարակ մարդիկ կ՛ունենան, իրենց տրուած առիթները փախցնելէ վերջ: Խրատատուի հանգամանք ունեցողներ՝ պատասխանատուներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, գործատէրներ թէ փորձառու բարեկամներ, միշտ զիրենք լսող անձերուն կը թելադրեն չփախցնել առիթները: Հակառակ այս զգուշացման կոչերուն, միշտ ալ առիթներ «կը փախչին», եւ մեծ ցնցումներ ու անկիւնադարձներ կը յառաջացնեն մարդոց կեանքին մէջ: Այսպէս, օրինակ գործատէրը կրնայ կանխազգուշացնել իր պաշտօնեան, որ ուսմամբ որակաւորուելու եւ այժմէականանալու պարագային, հիմնարկէն ներս վերակացութեան բարձրագոյն պաշտօնին պիտի կոչուի: Կեանքի տարբեր պարագաներէն բացի, անփութութիւնը եւ երբեմն ալ անտարբերութիւնը պատճառ կը դառնան, որ յիշեալ պաշտօնեան մնայ այն աստիճանին ուր էր երկար տարիներ, առանց կարենալու բարձրացում արձանագրել: Մինչ աւելի խոհեմ ու շրջահայեաց պաշտօնեան, կրնայ ըսուածը լուրջի առնելով, անմիջապէս լծուիլ իր գործին մէջ ունեցած գիտութիւնը այժմէականացնելու աշխատանքին, եւ հասնիլ այն աստիճանին՝ որուն արժանի ու յարմար կը նկատուի իր գործատիրոջ կողմէ:
Նաւահանգիստին մէջ «հանգիստ» ու «ապահով» խարիսխ նետած նաւուն օրինակը ինքնին խօսուն է, վերոյիշեալ երեւոյթները պարզաբանելու առումով: Ատոր վրայ պէտք է աւելցնել մէկ պատկեր եւս, այն՝ թէ նաւուն նետած խարիսխը եւս, ջուրին տակ երկար մնալով պիտի ժանգոտի, յաճախակիօրէն դուրս բերուելով նորոգութիւններէ զրկուած մնալուն հետեւանքով: Տեսնուած է, որ նաւաստիներ ամէն անգամ երբ դուրս քաշեն խարիսխը, ատոր վրայէն ժանգը կը մաքրեն, բացուած ծակերը երկաթով կ՛ելեքտրակիզեն, ապա կը կուպրապատեն կամ կը ներկեն:
Մենք ալ «նաւ»եր ենք այս աշխարհի ծովերուն վրայ ծփացող: Նաւահանգիստներու մէջ ապահովութիւն վայելելու եւ հանգստանալու ժամանակն ալ կայ, նաւելու եւ քարափէն հեռանալու ժամանակն ալ կայ: Նաւելու ժամանակ այնպէս ինչպէս նաւապետին հիմնական նկատակը կ՛ըլլայ նաւը ժայռերուն զարնուելէ հեռու պահելը, նոյնպէս ալ մենք իբրեւ «կեանք-նաւ»եր, յանդգնութիւնը պիտի ունենանք մտնելու նոյնիսկ ովկիանոսներու մէջ, մեծ ալիքներու դիմաց կռուելու, պայքարելու հարուածող փոթորիկներու եւ կատաղի շնաձուկներու դէմ, միշտ նպատակ ունենալով նաւը խաղաղութեամբ դէպի նաւահանգիստ դարձնելու հեռանկարը: Այլապէս, մեր նաւը միշտ նաւահանգիստին մէջ պահելով զայն ապահով տեղ դրած ըլլալու մեր խոհեմութիւնը կրնայ շուտով յուսախաբ ընել մեզ, երբ մեր աչքերուն դիմաց տեսնենք անոր փտումը եւ քայքայումը:
Կեանքի մէջ երբեմն մէկ անգամ միայն ներկայացող առիթները, կրնան ապահովութիւն չներշնչել մեզի, սակայն զանոնք բարիին ծառայեցնելը, ու շրջապատին մէջ ապրողներու ապահովութեան վերածելը, ինքնին շինիչ աշխատանք է, եւ գնահատանքի արժանի:
Աստուծոյ մեզի ընծայած առիթները արթնութեամբ տեսնելու, զգօն ըլլալով զանոնք «չփախցնելու» եւ իրագործումներով հարստացնելու կարողութիւնը, յաճախ փորձառութեամբ ձեռք կը ձգուի: Եթէ անձնական փորձառութիւն չունինք, պէտք է գտնուին մարդիկ մեր շրջապատին մէջ, որոնք ունեցած են այդ փորձառութիւնը. օգտուի՛նք անոնց փորձառութենէն:
Ապահովութիւնն ու առիթները ներդաշնակելու կամքը մեր ձեռքին մէջ կը գտնուի: