ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Յունուար 31ին կայացած զրոյցին ժամանակ՝ անդրադառնալով բանակին մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած մահուան դէպքին, նշեց, թէ անիկա տեղի ունեցած է զինուորական ծառայութեան, ինչպէս նաեւ անձնական յարաբերութիւններու խախտման հետեւանքով:
«Դիրքում կանգնած զինուորները եւ գետնատնակի մօտ կանգնած զինուորները արթուն հերթապահութիւն են տանում: Այս վերջին դէպքը տեղի է ունեցել զինուորական ծառայութեան եւ նաեւ միջանձնային յարաբերութիւնների պայմանների խախտման արդիւնքում: Այսօր յարուցուել է քրէական գործ, բանակի, ռազմական ոստիկանութեան եւ քննչական ծառայութեան բոլոր աշխատակիցները այդ ուղղութեամբ աշխատում են», ըսաւ նախարարը:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 27ին Լեռնային Ղարաբաղի զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ սպաննուած էր շարքային զինուոր Փայլակ Շահնազարեանը: Սպանութեան կապակցութեամբ յարուցուած քրէական գործին ծիրէն ներս ձերբակալուած է զինուոր Խաչատուր Սարգսեան:
Դէպքը տեղի ունեցած է գիշերը մարտական յենակէտին մէջ, ուր զինուորները կը պաշտպանեն սահմանն ու մարտական դիրքերը: Նախարարը չմանրամասնեց, թէ ինչ դրդապատճառներ ունեցած է դէպքը: Ան միայն նշեց, որ անիկա կատարուած է ոչ միայն զինուորական ծառայութեան պայմաններու խախտման, այլեւ դաստիարակութեան պակասի հետեւանքով:
«Զինուորական ծառայութեան պայմանների չիմացութեան, դաստիարակութեան պակասի, ամենակարեւորը՝ մէկը միւսին չհանդուրժելու (հետեւանքով), ըսաւ Սէյրան Օհանեան: Նախարարի խօսքով՝ քննութեան իբրեւ արդիւնք պարզ պիտի դառնայ, եթէ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի սպայական կազմէն ոեւէ մէկը։ :