ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ներկայացուելիք նոր ցուցադրութեան ժամանակ պիտի գործեն եռաչափ (3D) սենեակներ: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան «Թերթ»ի թղթակիցին տեղեկացուց, որ նոր ցուցադրութիւնը պիտի իրականացուի թանգարանային նորագոյն ճարտարագիտութիւններու կիրառումով:
Դեմոյեանի փոխանցումով՝ թանգարանը ներկայիս մեծ թափով կը նախապատրաստուի 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ ներկայացուելիք նոր ցուցադրութեան, որ հիմնուած պիտի ըլլայ թանգարանի մշակած նոր հայեցակարգին վրայ եւ նոր զգայական, յուզական ընկալումներ, զգացողութիւններ ու պատկերացումներ պիտի յառաջացնէ թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն մօտ: