ԳԱՀԻՐԷ, «Արմաւենի».- Երեք հայերու պատկանող խանութներ թալանուած են Յունուար 25էն ի վեր Եգիպտոսի տարածքով սկսած ցոյցերուն ընթացքին, ըստ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդին:
«Երեք հոգւոյ խանութ թալանուած է ցոյցերուն ընթացքին եւ կողոպտողներու անակնկալ յարձակումներուն հետեւանքով», կ՛ըսէ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան: «Սակայն ոչ մէկ մարդկային վնաս պատահած է», կ՛աւելցնէ սրբազան հայրը, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Սրբազան Մնացականեան կը հաւաստիացնէ, որ համայնքի անդամները «անհանգիստ եւ մտահոգ են երկրին մէջ տեղի ունեցող վերջին մէկ շաբաթուան իրադարձութիւններով, բայց ոչ ոք մասնակցած է կազմակերպուած ցոյցերուն»: