ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Շաբաթ եւ Կիրակի 4-5 Փետրուար 2012ին, Գոքինիոյ մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցի 76րդ Շրջանային ժողովը:
Օրակարգի բոլոր հարցերու քննարկումէն ետք, ժողովը ընտրեց ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն. Գոլանեան Գէորգ, Կարինեան Խաչիկ, Մանկոյեան Արա, Յովակիմեան Թագւոր, Պէրպէրեան Նազարէթ, Պետրոսեան Դաւիթ, Մարտիկեան Մարտիկ: