ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Փետրուար 9ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի բնակարանային կարիքներուն նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին բանախօսն է Գոհար Պալեան, որ Հայաստանի մէջ բնակարանային հարցերու «Ֆուլըր» կեդրոնի պաշտօնատարներէն է եւ անցեալին աշխատակցած է նաեւ «Հեպիթեթ ֆոր Հիւմենիթի» մարդասիրական կազմակերպութեան հետ, որ նմանապէս բնակարաններ կը փորձէ ապահովել կարիքաւոր ընտանիքներու: Ան նաեւ իբրեւ կամաւոր կը նպաստէ հայկական եւ միջազգային կազմակերպութեանց գործունէութեան:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org: