ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի տարածքի հայութեան դէմ շղթայազերծուած է թուրք-ազերիական արշաւ մը, որ կը փորձէ ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը ճակատին մեծագոյն նախատինքը գամել՝ զայն ամբաստանելով իբրեւ ցեղասպան:
Արդարեւ, Ամերիկայի մէջ բնակող թուրքերու եւ ազերիներու կողմէ այս օրերուն առաւել թափ ստացած է՝ հայկական հողը ազատագրած մարտիկներուն կողմէ Խոջալուի մէջ ազերի բնակչութիւնը «ցեղասպանութեան» ենթարկուած ըլլալու անհեթեթ մեղադրանքը ամերիկացի քաղաքական գործիչներուն հասցնելու արշաւը:
Ինչպէ՞ս հակադարձել այս արշաւին:
Կարելի է անշուշտ արհամարհել ու անտեսել: Ի վերջոյ, մենք գիտենք այդ յերիւրանքին դրդապատճառները. Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը խանգարել, միջազգային հանրային կարծիքը շփոթեցնել եւ Արցախի ազատագրական պայքարը արատաւորել:
Քարոզչական պայքարի տրամաբանութիւնը, սակայն, թոյլ չի տար, որ ամերիկեան թէ միջազգային այլ շրջանակներու մէջ մեր դէմ օրէ օր առաւել թափ ստացող թուրք-ազերիական գրոհին հանդէպ ձեռնածալ մնանք: Սուտի կրկնութիւնը, տարածումը կրնայ իր աւերը գործել՝ անտեղեակ ականջներու հասնելով: Ամերիկեան կարգ մը քաղաքներու ու նահանգներու ընտրեալ պաշտօնատարներ, օրինակ, անցեալ տարիներուն յանձն առած են բանաձեւեր առաջարկել՝ Փետրուար 25-26ը «Խոջալուի կոտորածի զոհերու յիշատակութեան օր» յայտարարելու մասին:
Թուրք-ազերիական այս արշաւը անշուշտ կը միտի հակադարձել Սումկայիթի, Պաքուի ու Կիրովապատի հայութեան կոտորածներուն մասին՝ մեր կողմէ ձեռնարկուած տեղեկատուական աշխատանքներուն:
Թուրք-ազերիական արշաւին համազօր տարողութեամբ ու թափով աշխատանք տանելով միայն, մենք ըստ արժանուոյն հակադարձած չենք ըլլար անոր: Մեր գործողութիւնները պէտք է այլ մակարդակով տարուին՝ տեղեկատուական ամէնէն ազդեցիկ, ամէնէն տարածուն դաշտերու օգտագործումով: Այլապէս՝ արժանի կ՛ըլլանք ամէն նախատինքի: