ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սամսունի մէջ երկու ամիս անգամ մը կը հրատարակուի «Սթաթիւսքօ» անունով թերթ մը, որուն համակարգողը՝ Օքան Պաշ, այս անգամ Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին անսովոր յօդուած մը գրելով՝ գոված է ոճրագործ Օկիւն Սամասթը եւ հարցուցած է. «Հրանդ Տինքը սպաննելով գէ՞շ քայլ մը առաւ»։
Յօդուածը հրատարակուած է թերթին այս տարուան Յունուար-Փետրուար թիւին մէջ։ Պաշ նախ պաշտպանած է թուրք ազգայնամոլ «գորշ գայլերը»՝ «իւլքիւճիւ»ները։
«Ինչո՞ւ իւլքիւճիւներուն նկատմամբ այս թշնամանքը. այս մարդիկը Թուրքիա կոչուած պետութեան նիւթական ու բարոյական արժէքները պաշտպանել ջանացող հայրենակիցներ են. ի՞նչ պատճառաւ կարելի է անոնց դէմ գալ այսքան անխղճօրէն», գրած է Պաշ, ապա անցած է Հրանդ Տինքի սպանութեան։
«Ծանօթ հարց է։ Օկիւն Սամասթ անուն քաջարի ու կայտառ երիտասարդ մը ամենածանր պատիժին ենթարկուեցաւ, որովհետեւ ան զարկաւ Հրանդ կոչուած «հերիֆ»ը, որ թուրքին արիւնը կեղտոտ է ըսած էր։ Սամասթը գէ՞շ ըրաւ այսինքն։ Եթէ ինծի հարցուի, ապա՝ այս ժողովուրդին նախատինքներ տեղացնող մէկը արժանի է մեռնելու», գրած է Պաշ եւ ապա շարունակած. «Եթէ պետութիւնը չի կատարեր այն, ինչ պէտք է կատարէ, եթէ աչք կը գոցէ «թուրքին արիւնը կեղտոտ է» ըսող օտարականին, եթէ հայերու հաճոյ թուելու համար ուղղակի ոտնակոխ կ՛ընէ ազգայնապաշտութիւնը, ապա ո՛չ մէկը թող վշտանայ. շարժման կ՛անցնի ժողովուրդը եւ այլեւս անիմաստ կը դառնայ այդ մարդը դատարան յանձնելը։ Ուրիշ կէտ մըն ալ, զոր անիմաստ կը գտնեմ, այն է, թէ թրքական ծագում ունեցող մեր հայրենակիցները «Բոլորս հայ ենք» երգելով՝ գրգռութիւն կ՛ընեն։ Եաու, բարեկա՛մ, մենք մինչեւ այսօր միլիոններով նահատակ տուինք։ Բնաւ տեսա՞ք, որ փողոց իջնեն ու պոռան, որ բոլորս մեհմետճի ենք, բոլորս թուրք ենք։ Եթէ տակաւին պիտի շարունակէք «Բոլորս հայ ենք» ըսելով գրգռութիւն ընել, ապա Հայաստանը հո՛ն է, հրամմեցէ՛ք, գացէ՛ք։ Հոս Թուրքիա է։ Ձեր չափը գիտցէք»։
«Ռատիքալ» թերթը Չորեքշաբթի, Փետրուար 8ին այս ատելավառ լուրին արձագանգ հանդիսանալէ ետք, շօշափեց «Կալաթասարայ» համալսարանի հաղորդակցութեանց բաժինի դասախօս փրոֆ. Եասեմին Ինճէօղլուի կարծիքը, ըստ որուն՝ ատելութիւն հրահրելու յանցագործութիւնը պէտք է անջատուի բոլոր այլ յանցագործութիւններէն։
«Վերի յօդուածին մէջ հեղինակը անձամբ ատելութիւն կը ստեղծէ եւ գործուած յանցագործութիւն մը կը ժողովրդականացնէ՝ զայն օրինաւոր կը դարձնէ. ուրեմն եթէ նայինք այս տեսանկիւնէն, ապա ասիկա անպայման կը պատժուէր, եթէ երկրին մէջ գոյութիւն ունենար ատելութիւնը հրահրելու յանցագործութեան դէմ օրէնք մը։ Եթէ այսպիսի օրէնք մը ըլլայ, անիկա արգելք պիտի ըլլայ ատելութիւն սերմանելուն ու յանցագործութիւնները քաջալերելուն», ըսաւ Ինճէօղլու։