
ՓԱՐԻԶ.- «Փոլիթիք Ինթերնասիոնալ» պարբերականի վերջին թիւին մէջ լոյս տեսած է ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնելու օրինագիծին վերաբերեալ՝ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին հետ հարցազրոյց մը։
Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին դէմ Թուրքիոյ հակազդեցութեանց մասին հարցումի մը՝ Սարքոզի յայտնած է. «Թուրքիան մեծ տէրութիւն մըն է, որ ունի հզօր քաղաքականութիւն։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ անոր վարած դիւանագիտութիւնը կրնայ անփոխարինելի դեր խաղալ՝ վերոնշեալ շրջաններուն մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։ Թուրքիան ամբողջ աշխարհին մէջ, ներառեալ՝ Իսրայէլի, բանակցութեանց միջոցով ամէնէն աւելի կրնայ ազդել դէպքերու բնականոն ընթացքին վրայ եւ նպաստել տարածաշրջանի կայունացման։ Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, որ 1915ին 1.5 միլիոն մարդու կեանք խլեց, այս պարագային մենք կանգնած ենք սկզբունքային հարցի մը առջեւ. արդեօք պետութեան շահերուն պատճառով յիշատակի պարտականութիւնը պէտք է ետեւի կա՞րգ մղուի։ Իմ համոզումս այն է, որ այդ հարցին մէջ զիջողականութիւնը վախկոտութիւն է, որուն գինը ի վերջոյ միշտ կը վճարուի։ Ես կը գիտակցիմ այս հարցի նրբութեան։ Նաեւ լաւ գիտեմ, որ Ֆրանսա դասեր չի տար։ Ասիկա բոլոր երկիրներուն պատիւն է՝ իրենց պատմութեան առջեւ կանգնիլ, եւ Ֆրանսան այս առումով շատ բան կատարած է։ Կարճ կտրուկ՝ ես կը յարգեմ թուրքերը, սակայն անոնք ալ պէտք է իրենց գործընկերները յարգեն»։
Միւս կողմէ, ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Ֆրանսայի իշխող Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժումի կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Ժան Քլոտ Կոտեն յայտարարած է, թէ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատուի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ: «Բացի ատկէ, խորհուրդը կրնայ 2001ին որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրէնքը, ինչպէս նաեւ հրեաներու ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը չեղեալ յայտարարել», ըսած է Կոտեն։