ԵՐԵՒԱՆ,– Ռուսիոյ փոխվարչապետը Փետրուար 7ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստան եւ Ռուսիա գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան լաւ հեռանկարներ ունին:
Վիքթոր Զուպքով ըսած է, որ Ռուսիա պատրաստ է Հայաստանի մէջ «Ռոսսելխոզպանք»ի ներկայացուցչութիւն բանալու եւ սկսելու գիւղատնտեսական վարկեր տրամադրել: Հետագային Երեւանի մէջ կրնան ստեղծուիլ նաեւ «Ռոսագրոլիզինգ» ընկերութեան դուստր ձեռնարկութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, իր հերթին յայտարարած է, որ աշխատանքային միացեալ խումբը յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին ձեռքբերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ վերջնական որոշումներ պիտի տայ:
Ռուսիոյ փոխվարչապետը նշած է, որ փոխգործակցութեան հաւանական բնագաւառներն են ջերմոցներու եւ անասնաբուծարաններու կառուցումն ու գիւղատնտեսական սարքերու մատակարարումը: