ԵՐԵՒԱՆ.– Այս ամիս հրապարակուած են աշխարհի համալսարաններու (”Webometrics Ranking of World Universities”, www.webometrics.info) արդիւնքները, որոնց համաձայն, Երեւանի պետական համալսարանը իր ցուցանիշներով նախկին 2856րդ դիրքէն բարձրացած է 1880րդ հորիզոնականին: Արժեւորուած են աշխարհի շուրջ 20 հազար համալսարաններ, որոնց շուրջ 5000ը՝ եւրոպական, 7000ը՝ ամերիկեան, 6000ը՝ ասիական եւ այլն:
Այսպիսով, Երեւանի պետական համալսարանը ոչ միայն հայաստանեան, այլեւ տարածաշրջանի համալսարաններուն մէջ յառաջատարն է: Նշենք, որ Վրաստանի յառաջատար համալսարանը՝ Թիֆլիսի պետական համալսարանը, 2464րդ դիրքին վրայ էր, Ատրպէյճանի բարձրագոյն վարկանիշը ունեցող «Խազար» համալսարանը՝ 6233րդ, իսկ Պաքուի պետական համալսարանը՝ 8833րդ:
«Ուեպօմեթրիքս»ը աշխարհի ճանչցուած համալսարանները արժեւորող կազմակերպութիւններէն մէկն է: Դասակարգման աղիւսակը կազմելու ժամանակ նկատի կ՛առնուին հիմնական չորս չափանիշներ՝ պաշտօնական կայքի էջերուն քանակը՝ Google.com, Yahoo.com, Live.com (msn), Exalenq.com որոնման կայքերուն մէջ, այլ միջոցներէ դէպի համալսարանի պաշտօնական կայք կատարուած արտաքին յղումներու քանակը, կայքին մէջ առկայ փաստաթուղթերուն քանակն ու գիտական աշխատանքներու յղման նախագիծը:
Նշենք, որ «Ուեպօմեթրիքս»ը իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը ներկայացնէ տարին երկու անգամ: