
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Իրանական «ՄԵՀՐ» լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, թալիշներուն վերաբերեալ Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչին հեղինակած գիրքը Իրանի մէջ ստացած է «Տարուան գիրք» մրցանակը:
ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Գառնիկ Ասատրեանի հեղինակած «Թալիշական ժողովրդական աւանդութիւններ եւ հեքիաթներ» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր 2011 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացած թալիշագիտական միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին։