
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդկային իրաւունքներու եւ տարրական ազատութիւններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ձգձգուած հակամարտութիւններու կարգաւորումը կը հանդիսանան ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնած Իրլանտայի առաջնահերութիւնները, Հինգշաբթի, Փետրուար 9ին յայտարարեց ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմորը, Ուաշինկթընի Հելսինքեան յանձնաժողովին առջեւ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին:
Ձգձգուած հակամարտութիւններուն անդրադառնալով՝ ան խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին մասին եւ շեշտեց, թէ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացը պէտք է արագացնել:
Ընդգծելով հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ Իրլանտայի ունեցած փորձը՝ ան խոստացաւ զայն օգտագործել ԵԱՀԿ տարածքին մէջ առկայ խնդիրներու կարգաւորման նպատակով: Ան աւելցուց, թէ իրլանտացիներուն ծանօթ են հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած ազգերուն ձգտումները եւ շեշտեց, թէ կողմերուն առաջնորդները պէտք է քաջութիւնը ունենան բանակցութիւններ վարելու եւ փոխզիջումներ կատարելու, տագնապին խաղաղ կարգաւորումը ապահովելու համար:
Ան յայտնեց, թէ հակամարտութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ապրիլ 27ին, Տուպլինի մէջ ԵԱՀԿի հովանիին տակ պիտի կազմակերպուի միջազգային համաժողով մը: