
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թրքական «Սթար» թերթին մէջ լոյս տեսած է յօդուածագիր Էրկուն Պապահանի մէկ ակնարկը, որուն խորագիրն է՝ «1915ը Ցեղասպանութիւն է»։ Այս խորագիրէն յայտնի կը դառնայ արդէն, որ յօդուածագիրը ցեղասպանութիւն կը նկատէ 1915ի հայոց տեղահանութիւնը։
Ակնարկին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Երբ Զուիցերիա Թուրքիոյ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ դատ բացաւ՝ «Ցեղասպանութիւն չէ պատահած» ըսած ըլլալուն համար, յանկարծ մեր մօտ ամէն մարդ մտածումի ազատութեան կողմնակից դարձաւ։ Բոլոր անոնք, որոնք մէջտեղերէն կորսուած էին, երբ կը դատուէին Հրանդ Տինքերն ու Օրհան Փամուքները, երբ գաղափարի ազատութիւնը պաշտպանողները կ՛ենթարկուէին «Էրկենեքոն»ի անդամներու յարձակումներուն, հիմա մէջտեղ ելած են ու Եւրոպային դաս կու տան կարծիքի ազատութեան ու մարդու իրաւունքներուն մասին։ Թո՛ղ տան։ Բայց նայինք, թէ մեր երկիրը ինչպէ՞ս է այս նիւթին մէջ։ Ես ալ կը պաշտպանեմ այն տեսակէտը, որ 1915ին պատահածը ցեղասպանութիւն է։ Իթթիհատականներու հրոսախումբը տեղահանութեան որոշում մը ընդունեց ու այն շրջաններուն մէջ, որոնք այնքան ալ տեսանելի չեն Արեւմտեան աշխարհին համար, հարիւրհազարաւոր մարդիկ ճամբայ հանուեցան դէպի մահուան ճամբորդութիւն։ Այս սպանդը պաշտպանելը կամ զայն հերքելը համազօր է ֆաշիզմը պաշտպանելուն»։