ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այցելած է Հայաստանի զինուած ուժերու իրաւական կառավարման կեդրոն, ուր ծանօթացած է օգտագործուած համակարգի ճարտարագիտական միջոցներուն: Այնուհետեւ նախագահը խորհրդակցած է զինուած ուժերու հրամանատարական կազմին հետ:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զեկուցած է զարգացման ծրագիրին հիման վրայ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ արձանագրուած բարեփոխումներուն մասին։ Ապա գլխաւոր սպայակոյտի պետը խօսած է նախարարութեան կեդրոնական բաժինի մարտական պատրաստուածութեան մասին: Սերժ Սարգսեան լսած է նաեւ զեկուցումներ՝ զօրատեսակներու եւ զօրամիաւորումներու հրամանատարներու կողմէ իրականացուող քայլերուն վերաբերեալ: