Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ «Պօ-Արաքս» մշակութային Ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-20: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 21ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31ին, մեկնում՝ Օգոստոս 22-23ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը Պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պէտք է կատարել Անձամբ եւ Գրաւոր, նշելով միշտ Հեռախօսի, Հեռապատճէնի (ֆաքս) թիւ մը եւ Ե-նամակի (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:
Փափաքողներուն, կէսօրէ ետքերը ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ՝ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր:
Արձանագրութեան սակն է՝ 700 եուրօ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտի 31ը, այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 եուրօ մինչեւ Յունիսի 30ը: Արձանագրութեան մնացեալ մասը կը վճարուի անպայման մուտքի օրը: 10 տոկոս զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ոչ մէկ պարագայի կը փոխուի եւ կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով ետ չի դարձուիր:
Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման դրամատնային եւ միջազգային ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն՝ ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի՝ Assoc. Padus-Araxes c/o Dip. Studi Asiatici San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia): Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որոնք կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխագիրներու միջոցով, որ է՝ mandat-poste international / international money-order:
Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 22 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակն է 820 եւրօ առանձին սենեակի մէջ, 610՝ երկու հոգինոց սենեակի մէջ: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան մէջ, պիտի արժեն 8 եուրօ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռապատճէնել
+39.041.2414448 թիւին, կամ ե-նամակ մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ daniela@padus-araxes.com: Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.30-12.30, եւ կամ +39.347.4562981 թիւին, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20-21.30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: Երբեք չհեռաձայնել Վենետիկի Համալսարանի գրասենեակներուն: Բջիջային համարին կարելի է զանգել նաեւ Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները: