Հինգշաբթի, Փետրուար 16ը Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնն է։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Վարդանանցի նուիրուած պատարագ պիտի մատուցուի։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր։